Լիբանանի նախագահական ընտրութեան 12-րդ նիստին արձանագրած ձախողութեան լոյսին տակ տեղական ուժերը բաւարարուեցան շեշտելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը` կարծէք նոր անդրադառնալով, որ երկրին հարցերուն եւ տագնապներուն լուծման միակ միջոցները երկխօսութիւնն ու համախոհութեան գոյացումն են:
Այս շրջագիծին մէջ շրջանային եւ միջազգային ջանքեր երեւան եկան Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծում գտնելու նպատակով:
Միւս կողմէ, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առնչուած քաղաքական հեղինակութիւններ ընդգծեցին, որ նախագահական ընտրութեան մութ փապուղիին մէջ սկսած են լոյսի նշոյլ մը նշմարել` աւելցնելով, որ այդ իմաստով Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն կողմէ կան տուեալներ, որոնք կը յուշեն, թէ Լիբանանի նախագահական թղթածրարը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կրնայ լուծուիլ:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ քանի մը օր ետք կը նախատեսուի Լիբանանի յատուկ ֆրանսական նախագահական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան ժամանումը:
Այս քայլը յստակ կը դարձնէ այն մտադրութիւնը, թէ Ֆրանսա ճիգ չի խնայեր Լիբանանի քաղաքական տագնապին շուտափոյթ լուծում մը ապահովելու իմաստով:
Վերոնշեալ քաղաքական աղբիւրները ընդգծեցին նաեւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի այսօրուան հանդիպումը ցուցանիշ է, թէ Էլիզէի պալատը կը ջանայ լիբանանեան տագնապալի թղթածրարին արագ լուծում մը ապահովել:
Տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ հանդիպում մը ունեցած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Փաթրիք Տիւրելի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
ՆՇԵՆՔ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Ուաշինկթըն նեղացած է, որ նախագահական ընտրութեան նիստի հոլովոյթին մէջ երեսփոխաններ դուրս եկած են խորհրդարանէն եւ օրինաթիւի խախտում յառաջացուցած, որպէսզի նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլ մը չկայանայ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական ամբողջական անդամալուծութիւնը հարց մըն է, որ պէտք է լուծուի լիբանանցի ղեկավարներուն կողմէ:


