Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Լիբանանի հանրապետութեան յաջորդ նախագահն է` աւելցնելով, որ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր ճիգ թափեց պայթեցնելու կացութիւնը եւ «այրելու» Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը, «սակայն վերջաւորութեան ինք շիջեցաւ», յայտնեց ան: Նշենք, որ Մուրթատա սուրիացի իր պաշտօնակից Լապպանէ Մշաուուահը հրաւիրեց Լիբանան` ամրապնդելու համար երկկողմանի մշակութային յարաբերութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մուսաուի ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքարին, որուն հետ քննարկեց երկու նախարարութիւններուն եւ անոնց միջեւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Միւս կողմէ, Մքարի թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ իրարու հետ բաց գործակցելու եւ խորհրդակցելու անհրաժեշտութիւնը` մեկնարկ ունենալով Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հաստատ եւ հետեւողական թեկնածութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ չորեքշաբթի օրուան պատահածը հսկայ ինթիֆատա մըն էր` լիբանանցիներուն վրայ Հըզպալլայի կողմէ նախագահական թեկնածու պարտադրելու փորձին դէմ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ շուրջ քսան քրիստոնեայ երեսփոխաններ մաս չեն կազմեր այսպէս կոչուած համախոհութեան, որ «գոյացած է» նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի շուրջ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սլէյման յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի յաջորդ նիստին յստակ թեկնածու մը պիտի ունենան` սիւննի համայնքին մտավախութիւնները փարատելու համար:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ իրենց պլոքը առաջինն էր, որ առաջադրեց նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի թեկնածութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուին` ճշդելու համար միասնական կեցուածք մը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այուպ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի նոր փուլի մը դիմաց` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ դիմադրել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ յայտնեց, որ երկխօսութիւնը հարցերու լուծման միակ միջոցն է` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ փրկարարն է, որովհետեւ միակն է, որ կրնայ բանակցիլ սուրիացի տեղահանուածներուն եւ Սուրիա-Լիբանան ծովային սահմանագծումի հարցով: Ան նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքին հիման վրայ է, որ նոր երկխօսութիւն պիտի ծաւալի, «եւ համոզուած եմ, որ կ՛ուղղուինք դէպի նոր «սին-սին» (Սէուտական Արաբիա-Սուրիա) մը, որ Լիբանանի համար նպաստաւոր է եւ անոր բարգաւաճումը պիտի ապահովէ», յայտնեց ան:

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Շաբաթ Օր Թեհրան Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա Սապահիի Հետ Քննարկեց Արաբական Եւ Պաղեստինեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.