Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլան պիտի երկարաձգէ իր համագործակցութիւնը խումբի իտալացի մարզիչ Սիմոնէ Ինցակիի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 2025, ինչպէս նաեւ պիտի բարձրանայ 47 տարեկան մասնագէտին աշխատավարձը:
2021-ին Ինթեր Միլանը գլխաւորած Ինցակի այս տարեշրջանին իր կազմին հետ գրաւեց Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան երրորդ դիրքը:


