Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլըր. «Ուաշինկթընի Մէջ Միրզոյեանի Եւ Պայրամովի Հանդիպումը Յետաձգուեցաւ Ժամանակացոյցի Առնչուած Խնդիրներու Պատճառով, Անհամբեր Կը Սպասենք Նոր Բանակցութիւններ Հիւրընկալելուն»

June 15, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որ այս շաբաթ պէտք էր տեղի ունենար Ուաշինկթընի մէջ, յետաձգուած է ժամանակացոյցի առնչուած խնդիրներու պատճառով, սակայն Միացեալ Նահանգներ անհամբեր կը սպասեն կողմերուն միջեւ նոր բանակցութիւններ հիւրընկալելուն: Այս մասին հաղորդեց «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըրի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը:

«ինչպէս նախապէս ըսած ենք, մենք հաւատացած ենք, որ գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու համար ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է: Մենք վստահ ենք, որ համաձայնութիւնը շատ մօտ է: Այս հանդիպումը, ցաւօք, տեղի չունեցաւ 100 առ հարիւրով ժամանակացոյցի հետ կապուած խնդիրներու պատճառով եւ մենք անհամբեր կը սպասենք ըստ կարելւոյն շուտ հանդիպման նոր թուական նշանակելուն», նշած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Մեթիու Միլլըր հրաժարած է պատասխանել այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ կողմերու հանդիպումը այս ամսուան վերջաւորութեան կայանայ:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը պէտք է հանդիպէին Ուաշինկթընի մէջ 12 յունիսին, սակայն հանդիպումէն օրեր առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ հանդիպումը կը յետաձգուի ազրպէյճանական կողմին խնդրանքով:

Նախորդը

«Ոչ Մէկ Երկիր Հայաստանի Եւ Իր Դրացիին Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Հասնելու Համար Այնքան Կ՛աշխատի, Որքան Մերը» Կ՛ըսէ Քոլոնա

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Իր Աշխատակիցներուն Եւ Քաղաքացիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Չայցելելու Հայաստանի Սահմանամերձ Որոշ Շրջաններ, Սիւնիքի Մարզ Եւ Արցախ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.