Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Հայաստանի Մէջ Բացասական Տրամադրութիւններ Կան Փաշինեանի Դէմ, Սակայն Ան Մինչեւ Այսօր Ոչ Մէկ Ետքայլ Կատարած Է»

June 15, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հոլովոյթին:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ մեր շրջանը շատ աւելի բարեկեցիկ պայմաններ պիտի ունենայ: Մենք այս երկխօսութեան հոլովոյթը կ՛իրականացնենք եղբօրս` Իլհամի հետ լիարժէք համակարգումով: Նաեւ կը հաւատամ, որ յառաջիկային մենք պիտի տեսնենք այդ հաղորդակցութիւններուն դրական արդիւնքները», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Էրտողան:

«Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ ռազմավարական դիրք ունին», ընդգծած է ան:

«Մեր եղբայրութեան համահունչ` առաւել եւս պիտի խորանայ մեր համագործակցութիւնը բոլոր բնագաւառներուն մէջ, առեւտուրէն մինչեւ ուժանիւթ, պաշտպանական արդիւնաբերութենէն մինչեւ փոխադրութիւն», եզրափակած է Թուրքիոյ նախագահը:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է. «Թուրքիան շահագրգռուած է շրջանին մէջ եւ աշխարհի վրայ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումով. երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը կը նկատուին իբրեւ առաջնահերթ լծակներ այս ուղղութեամբ»:

Ան ուշադրութեան հրաւիրած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան վրայ` նշելով, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի խթանումը էական ներդրում պիտի ունենայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ:

«Խաղաղութեան դռները շրջանին մէջ, ուր շատ վիշտ գոյացած է, կիսաբաց են: Ուստի կողմերը պէտք չէ փախցնեն այս առիթը եւ պէտք է գործեն պատասխանատու կերպով», ընդգծած է Թուրքիոյ ղեկավարը: Ան միեւնոյն ժամանակ «կարեւոր քայլ» որակած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Անգարա վերջին այցելութիւնը:

«Դրական արձագանգելով թրքական կողմի հրաւէրին` Փաշինեանը յաղթահարեց բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ ընդդիմադիր տրամադրութիւններ իր երկրին մէջ: Ես առիթ ունեցայ հակիրճ հաղորդակցելու անոր հետ արարողութեան ժամանակ: Ես իմ երախտագիտութիւնս յայտնեցի Թուրքիա ժամանելու կապակցութեամբ», ըսած է Էրտողան:

Էրտողան նաեւ «կարեւոր» որակած է Հայաստանի վարչապետի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերեալ խօսքերը: «Սակայն, ինչպէս արդէն ըսի, Հայաստանի մէջ բացասական տրամադրութիւններ կան Փաշինեանի դէմ: Եւ ասիկա շատ, շատ կարեւոր կէտ է: Մինչեւ այսօր Փաշինեանը ոչ մէկ ետքայլ կատարած է», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Անոր համաձայն, Անգարան պիտի շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Ազրպէյճանի հետ` թրքական աշխարհի միասնութիւնը ամրապնդելու համար:

 

 

Նախորդը

Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Պիտի Մասնակցին Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի Հրապարակային Լսումներուն

Յաջորդը

«Ոչ Մէկ Երկիր Հայաստանի Եւ Իր Դրացիին Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Հասնելու Համար Այնքան Կ՛աշխատի, Որքան Մերը» Կ՛ըսէ Քոլոնա

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.