Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 21, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անցեալ շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ անոր հետ քննարկած Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը դուրս բերելու քաղաքական տարակարծութեան եւ ցեխարձակումներու օղակէն` շեշտելով, որ անիկա լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու երաշխիքն է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքը կաղացնող ելեւմտական թղթածրարին հարցը լուծելու  քաղաքական որոշումը տրուած է` աւելցնելով, որ ոչ ոք կը փափաքի արգելակել կառավարութեան ջանքերը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ եգիպտական դեսպանութեան` գուժելով ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Շնոտա Գ. պապին մահը: Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Շնոտա Գ. պապը ազգային խորհրդանիշ է եւ չափաւորականութեան ու երկխօսութեան չափանիշ մը:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Խալետ Տահէրի եղբայրը երեսփոխաններու յատուկ ինքնաշարժի թիւ մը կրող ինքնաշարժով զինեալներ կը փոխադրէ սուրիական սահման:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Զիատ Ասուատ մերժեց իր հասցէին երեսփոխան Խալետ Տահէրի արձակած ամբաստանութիւնները` նշելով, որ ինք օր մը օրանց գործակալութիւն չէ կատարած` նիւթական հատուցման փոխարէն: Ան աւելցուց, որ Տահէրն է, որ հարստութիւն մը դիզած է գործակալութեան իբրեւ արդիւնք:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չէ մերժած ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերուն գաղափարը, այլ` շեշտած է, որ այդ ծրագիրը կարեւոր է:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնած են, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ կը տիրէ զգուշաւոր կացութիւն` բանակին եւ պաղեստինցի զինեալներուն միջեւ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս շեշտեց, որ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւման ընթացքի մէջ են:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան դատական իշխանութիւնները ամբաստանեց թերացումի յանցանքով: Ան նշեց, որ 2010-2011-ին փճացած սնունդի եւ ցանքի պարագային քիմիական դեղեր օգտագործելու յանցանքով աւելի քան 20 յանցագործներու անուններ յանձնուած են ընդհանուր դատախազութեան, որ ցարդ ոչ մէկուն թղթածրարը քննարկած է եւ վճիռներ արձակած:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան գումարելիք վաղուան նիստին ընթացքին պետական նշանակումները պիտի չքննարկուին:

ՊԵՏԱԿԱՆ երկրորդական վարժարաններուն մէջ պայմանագիրով աշխատող ուսուցիչները կոչ կ՛ուղղեն յառաջիկայ 27 եւ 28 մարտին մասնակցելու երկօրեայ դասադուլի մը:

ՖԸՐԶՈԼԻ Մար Պշարա եկեղեցին գողցած աւազակները երէկ կէսօրին ձերբակալուեցան ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:

ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ քանդած են Զահլէի Մար Անթոնիոս եկեղեցւոյ մատուռը:

 

 

 

Նախորդը

«Ռուսիա Պատրաստ Է Ֆրանսական Նախագիծին Զօրակցելու, Պայմանաւ Որ Անիկա «Ժամկէտ» Մը Չբովանդակէ» Կ՛Ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Զօր. Լահուտ Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.