Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիա Պատրաստ Է Ֆրանսական Նախագիծին Զօրակցելու, Պայմանաւ Որ Անիկա «Ժամկէտ» Մը Չբովանդակէ» Կ՛Ըսէ Լաւրով

March 21, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Լաւրով

Ֆրանսա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց Սուրիոյ հարցով բանաձեւ մը: Եւրոպացի երեսփոխաններ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ «նոր փաստաթուղթին մէջ կ՛արտացոլան հիմքերը, որոնք արդէն իսկ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան կը փորձէ կեանքի կոչել: Մասնաւորաբար, անոր մէջ կան կէտեր, որոնք կը դատապարտեն Պաշշար Ասատի վարչակարգին կողմէ գործադրուող բռնութիւնները»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիա պատրաստ է Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Անանի առաքելութեան զօրակցող նախագիծին համամիտ գտնուելու, պայմանաւ որ անիկա «ժամկէտ» մը չբովանդակէ: Ան ըսաւ, որ Անանի Դամասկոսի ներկայացուցած առաջարկները նախ եւ առաջ պէտք է յայտարարուին, եւ Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է զանոնք վաւերացնէ առանց անոնց ժամկէտ ճշդելու:

Նշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց այն լուրերը, թէ ռուսական մասնայատուկ ուժեր Թարթուս հասած են: Նախարարութիւնը նշեց, որ «Իման»-ը գումակային նաւ է եւ «Սուրիոյ մէջ որեւէ մարտանաւ չկայ»:

ՄԱԿ-ի մօտ Բրիտանիոյ մնայուն դեսպան Մարք Լայլ Կրանթ յայտնած է, որ «Ֆրանսան բանաձեւի նոր նախագիծի կէտերը մշակած է, բացի ատկէ, Անանի առաքելութեան կազմակերպման հարցին մէջ աջակցութիւն առաջարկած է»:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ զինադադար յայտարարելու, քաղաքական երկխօսութեան սկսելու եւ ապահովելու բարեգործական առաքելութիւններու Սուրիա մուտքը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ «Ֆրանս2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ֆրանսայի առաջարկած նախագահական յայտարարութեան նախագիծը կը հետապնդէ երեք նպատակներ` կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար հաստատել, մարդասիրական օժանդակութեանց մատակարարումը արտօնել եւ քաղաքական հոլովոյթը շարունակել, «որովհետեւ սուրիացի ժողովուրդը իր ժողովրդավարական ձգտումներէն կարելի չէ զրկել»:

Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը վերահաստատեց սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու գաղափարին մերժումը` զգուշացնելով, որ ատիկա Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը յառաջացման վտանգները պիտի աճեցնէ: Ան նաեւ բացառեց առանց ՄԱԿ-ի կողմէ լիազօրութեան Սուրիոյ մէջ արտաքին զինուորական որեւէ միջամտութիւն:

«Սթրաթֆոր» վերլուծական կեդրոնի նոյեմբեր 2011-ի փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ նշուած է, որ Թուրքիա կը մտածէ Սուրիոյ սահմաններուն մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու մասին: Կեդրոնի Միջին Արեւելքի փորձագէտ Ռեւա Պհալա հանդիպում ունեցած է թուրք պաշտօնատարի մը հետ եւ անոր հետ խօսած 20 հոկտեմբեր 1998-ին Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած Ատանայի համաձայնագիրին մասին, ըստ որուն, Թուրքիա քրտական ահաբեկչական խումբերու դէմ պայքարելու ընթացքին կրնայ 15 քիլոմեթր խորութեամբ Սուրիա մուտք գործել: Ըստ այլ աղբիւրի մը, Սուրիան Ատանայի համաձայնագիրով հրաժարած է Ալեքսանտրէթի հարցով Թուրքիոյ հողային պահանջներ ներկայացնելէ եւ թրքական բանակը իրաւունք ստացած է առանց սուրիական կողմի թոյլտուութեան Սուրիոյ մէջ մինչեւ 5 քիլոմեթր  յառաջանալ: «Որոշ տուեալներով ատիկա 15 քիլոմեթր է, սակայն առանց թոյլտուութեան 5 քիլոմեթր խորանալը աւելի տրամաբանական է», կ՛ըսուի կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ:

Դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ աշխատանք կը տարուի Թուրքիոյ սահմանակից Իտլիպի եւ Յորդանանի սահմանակից Տարաայի մէջ ապահովական գօտիներ ստեղծելու:

Թրքական «Ազատլըք» օրաթերթը անանուն աղբիւրներ վկայակոչելով հաղորդեց, որ Դամասկոսի եւ Հալէպի պայթումներուն ետին «Սի.Այ.Էյ.»-ն ու Մոսատը կը կանգնին, եւ սուրիական տնտեսական կարեւոր կեդրոններ եղող այդ քաղաքները զատուած են, որովհետեւ Ուաշինկթըն կը հաւատայ, որ այդ քաղաքներուն մէջ ապահովական գօտին կտրելու պարագային անոնց մէջ համայնքային եւ ազգային բախումներ հրահրելը պիտի դիւրանայ:

Աղբիւրները նաեւ կը նշեն, որ Միացեալ Նահանգներ կը ծրագրեն յաջորդ հանգրուանին Սուրիոյ վերեւ առանց օդաչուի թռչող սարքերու թռիչքներ կատարել` օգտագործելով Ինճիրլիքի զօրակայանը, եւ այս առումով թրքական կառավարութեան դիմում մը ներկայացուցած է:

Նշենք, որ Թուրքիա երէկ յայտարարեց, որ 2 ապրիլին Պոլսոյ մէջ նախատեսուած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ մէկ օր առաջ` 1 ապրիլին:

 

Նախորդը

Շնոտա Գ. Պապին Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.