Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քֆարշուպայի Մէջ Զգուշաւոր Հանդարտութիւն Կը Տիրէ

June 10, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քֆարշուպայի մէջ լիբանանցի քաղաքացի Իսմայէլ Նասերի կողմէ իսրայէլեան պուլտոզըրի մը աշխատանքներուն դէմ դնելը, այլ խօսքով` հողը հերկելու ընթացքին իսրայէլեան կողմի գործած սահմանային խախտումն ու ոտնձգութիւնը արգիլելու Նասերի քայլը, որ գնահատուած էր իբրեւ քաջագործութիւն, առիթ հանդիսացաւ, որ երէկ այլ քաղաքացիներ եւս նոյն շրջանին մէջ ընդդիմանան իսրայէլեան ուժերուն կողմէ փշաթելերու զետեղումին:

Լիբանանեան բանակը անմիջապէս փութաց Քֆարշուպայի սահմանային շրջանը, ուր կը հսկեն նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը:

Իսրայէլեան ուժերը արցունքաբեր կազեր արձակելով փորձած էին ցրուել Իսրայէլի կողմէ իրենց հողերուն մշակումը մերժող եւ իսրայէլեան ուժերուն զետեղած փշաթելերը հեռացնել փորձող լիբանանցիները, որոնք ժամանած էին Քֆարշուպայէն, Արքուպէն եւ Քֆարհամամէն:

Անոնք ՖԻՆԻՒԼ-էն պահանջեցին վերջ դնել լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուող ոտնձգութիւններուն եւ յաջողեցան զետեղուած փշաթելերը 20 մեթրով հեռացնել իրենց հողերէն:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի հաստատեց, որ խաղաղապահ ուժերը միշտ ալ պատրաստ են մեղմացնելու լարուածութիւնը եւ կասեցնելու բռնարարքները:

Ան շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կապի մէջ են բոլոր կողմերուն հետ` հանդարտեցնելու համար տիրող կացութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ կանխարգիլելու այն քայլերը, որոնք կրնան սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ լարուածութիւն ստեղծել:

Իր կարգին, իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի չարտօնեն խախտել Իսրայէլի գերիշխանութիւնը:

Երեկոյեան Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ տիրեց հանդարտութիւն մը, որ սակայն զգուշաւոր էր:

Նախորդը

14 Յունիսի Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Նիստը Կը Մնայ Ի Զօրու

Յաջորդը

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Պարտուողներու Խաղաղութիւն Է» Շեշտեց Վ. Եագուպեան

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.