Չինաստանը Քուպայի մէջ պիտի ստեղծէ գաղտնի կայան` հետեւելու համար Միացեալ Նահանգներուն: Փեքին քանի մը միլիառ տոլար պիտի վճարէ կղզիին մէջ իր սարքերու տեղակայման համար: Այս մասին կը գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` յղում կատարելով գերգաղտնի տուեալներուն ծանօթ աղբիւրներուն:
Օրաթերթի զրուցակիցները ըսած են, որ կայանը հետախուզութիւն պիտի կատարէ, մասնաւորաբար պիտի որսայ հաղորդագրութիւններն ու պիտի գաղտնալսէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, որոնք պիտի կատարուին հաղորդակցութեան տարբեր միջոցներով, ներառեալ արբանեակները:
Աղբիւրներուն տուեալներով` չինական կառոյցը պիտի գտնուի ամերիկեան Ֆլորիտա նահանգէն 160 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ պիտի կարենայ հետեւիլ այնտեղ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայաններուն, ինչպէս նաեւ նաւերու տեղաշարժին:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ Քուպայի մէջ չինական զինուորական կառոյցներու հաւանական տեղակայումը տագնապ յառաջացուցած է Սպիտակ տան մէջ: Օրաթերթի զրուցակիցները նշած են, որ Ուաշինկթըն Փեքինը կը նկատէ ամէնէն զգալի տնտեսական եւ զինուորական մրցակիցը: Յառաջաւոր զինուորական եւ հետախուզական կարելիութիւններով չինական կայանը, որ պիտի գտնուի Միացեալ Նահանգներու մօտ, կրնայ նոր աննախադէպ սպառնալիք դառնալ:
Սպիտակ տան ներկայացուցիչ Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Մենք տեսած ենք այդ հրապարակումը: (Տեղեկութիւնը) ճիշդ չէ»:
Քուպայի արտաքին գործոց նախարար Քարլոս Ֆեռնանտէս տէ Քասիօ իր կարգին լուրը «ամբողջովին սուտ եւ չհիմնաւորուած» որակեց` զայն կոչելով «Միացեալ Նահանգներու յօրինածը», որ նպատակ ունի արդարացնել կղզիին դէմ Ուաշինկթընի հաստատած բազմամեայ տնտեսական շրջափակումը:


