Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար ամէն գնով կը փափաքի այս ամրան ընթացքին վերադառնալ Պարսելոնա:
Նշուեցաւ, որ փարիզեան ակումբը չի փափաքիր իր համագործակցութիւնը շարունակել 31 տարեկան ֆութպոլիստին հետ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Նէյմար նոյնիսկ պատրաստ է աշխատավարձի կրճատման, քաթալոնական ակումբ տեղափոխուելու պարագային:
Պրազիլցին, որ Պարսելոնային մաս կազմած է 2013-2017 ժամանակամիջոցին, մինչեւ յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Սեն Ժերմենի հետ:


