Յունաստանի մէջ լիբանանահայ անուանի կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան, որ Միջազգային կիթառի կազմակերպութեան կողմէ նշանակուած է իբրեւ դեսպան, պիտի ներկայացնէ Հայաստանն ու Լիբանանը Կիթառի միջազգային (World guitar day-2023) օրուան առիթով կազմակերպուած ողոմպիականին, որ պիտի կայանայ օգոստոս 20-26:
Այս մրցոյթին Մկրտիչ Միքայէլեան պիտի ղեկավարէ ներկայիս հինգ աշակերտներէ բաղկացած կիթառի խումբը, որուն նուագահարներուն թիւը մինչեւ մրցոյթի թուականը կրնայ բարձրանալ ու հասնիլ մօտաւորապէս տասներկուքի:
Հաղորդենք, որ մրցոյթին Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանն ու Լիբանանը ներկայացնող կիթառահարներու խումբը պիտի նուագէ դասական երաժշտական կտորներ, որոնք պատճառ պիտի հանդիսանան Հայաստանի եւ Լիբանանի անունները բարձրացնելու միջազգային շրջանակներու մէջ:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ Կիթառի միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած մրցոյթին մասնակցութեան դիմումնագիրներ ներկայացուցած են 112 երկիրներէ մասնակիցներ, իսկ Հայաստանն ու Լիբանանը ներկայացնող Մկրտիչ Միքայէլեանին գլխաւորած խումբը տեղ գրաւած է մասնակիցներու առաջին ութ խումբերու ցանկին մէջ եւ յաջողութեամբ անցած է աւարտական փուլ:
Միքայէլեանին արձանագրած այս նուաճումը պանծալի յաղթանակ է ե՛ւ ծննդավայր Լիբանանի, ե՛ւ մայր հայրենիքի` Հայաստանի համար:
Յաջողութի՛ւն կը մաղթենք Մկրտիչ Միքայէլեանին եւ անոր գլխաւորած կիթառահարներու խումբին:




