Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ձեր Երդումին Կառչած Մնացէ՛ք Եւ Ժողովուրդին Փաստեցէ՛ք, Որ Անոր Կը Վստահիք` Օրէնքն Ու Ապահովութիւնը Պարտադրելու Համար» Շեշտեց Իմատ Օսման

June 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 162-Ամեակ.

Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 162-ամեակին առիթով, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման հրապարակեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ հաստատեց, որ այդ ուժերը, իրենց սպաներով եւ ոստիկաններով, իրենց նուիրումով եւ զոհողութիւններով, կը շարունակեն մնալ ժողովուրդին յոյսն ու  վստահութիւնը եւ ապահովութիւնը կը պահեն բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ, որքան ալ դժուար ըլլան անոնք:

Օսման Ներքին ապահովութեան ուժերու բոլոր աստիճանաւորներուն եւ զոյգ սեռերուն ուղղելով իր խօսքը յայտնեց, որ ապահովութիւնը երկրին կայունութեան հաստատուն չափանիշն է` աւելցնելով, որ անապահով կացութեան մէջ կարելի չէ զարգացում եւ բարգաւաճում իրականացնել:

Օսման շեշտեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց դերակատարութեան քաջածանօթ են, յատկապէս տնտեսական եւ ելեւմտական այս ծանր տագնապին ընթացքին:

«Անոնք փաստած են եւ կը շարունակեն փաստել, թէ կը մնան գիտակից իրենց պատասխանատուութեան եւ արհեստավարժութեան, հակառակ իրենց առօրեայ տառապանքներուն, որոնք բացայայտ են բոլորին համար:

Ձեր երդումին կառչած մնացէ՛ք եւ ժողովուրդին փաստեցէ՛ք, որ անոր կը վստահիք օրէնքն ու ապահովութիւնը պարտադրելու համար», յայտնեց Օսման:

Ան հաստատեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն համար յստակ է, թէ շատեր կը փորձեն լիբանանեան պետութեան դէմ գործել` հարուածելով անոր սահմանադրական հաստատութիւնները: «Նման իւրաքանչիւր առիթի ես կը յիշեցնեմ ձեզի, թէ ձեր ազգային զգացումներով եւ պատկանելիութեամբ ամրապնդէք ձեր դիրքերը եւ պետութեան չարիք ցանկացողներուն, ինչպէս նաեւ երկիրը քաոսի մատնելու վրայ գրաւ դնողներուն փաստէք, թէ երկրին ապահովական կայունութիւնը սակարկութեան ենթակայ չէ», շեշտեց Օսման:

Ան հաստատեց, որ ինք միշտ աշխատած է Ներքին ապահովութեան ուժերուն պայմանները բարելաւել` աւելցնելով, որ նոյն թափով պիտի շարունակէ ճիգեր ի գործ դնել:

Միւս կողմէ, Օսման Ներքին ապահովութեան ուժերու գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին որդեգրուեցաւ ապահովական ամբողջական ծրագիր մը, որ պիտի գործադրուի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, ամրան ընթացքին:

Նիստին ընթացքին Օսման ընդգծեց երկրին կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ պէտք է բոլոր միջոցառումները որդեգրուին` պահպանելու համար երկրին ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն եւ արաբ ու օտար զբօսաշրջիկներուն անվտանգութիւնը:

 

Նախորդը

Շարաֆէտտին. «Կառավարութիւնը Երեքշաբթի Օր Պիտի Գումարէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Նիստ Մը»

Յաջորդը

Քֆարշուպայի Մէջ. Իսմայէլ Նասեր Կը Պաշտպանէ Իր Հողը

RelatedPosts

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը  50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք,  Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»
Լիբանանեան

Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը 50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք, Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»

October 16, 2026
Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի  Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան  Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք  Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը  Դիմադրութեան Կը Պատկանի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը Դիմադրութեան Կը Պատկանի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.