Ռուսահայ անուանի թենիսմեն, 11-րդ դասուած Կարէն Խաչանով, այսօր` երեքշաբթի, 6 յունիսին բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք 3-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի դէմ, «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Այս տաք ճակատումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 13:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Մրցումին նախօրեակին, երէկ հայազգի Խաչանով կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ճոքովիչի դէմ պէտք է լաւ ճատրակ խաղալ: Բաւական սերտելէ ետք անոր կատարած մրցումներուն մանրամասնութիւնները, կրնամ ըսել, որ լաւ տրամադրուած եմ այս ճակատումին:
«Բնականաբար, ան ինծի համար կը նկատուի ամէնէն դժուար մրցակիցներէն մէկը եւ անոր նկատմամբ մեծ յարգանք ունիմ:
«Արդեօք այս անգամ պիտի կարենա՞մ յաղթանակ մը արձանագրել անոր դէմ»:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին գծով քառորդ աւարտականի իր տոմսը 17-րդ անգամ ըլլալով ապահովելով, Ճոքովիչ կոտրեց սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի հաստատած մրցանիշը, որ անցեալին 16 անգամ հասած է այս հանգրուանին:
Սակայն Ճոքովիչ այս մրցաշարքին գծով տիտղոսակիր դարձած է երկու անգամ, մինչ Նատալ` 14 անգամ (մրցանիշ մը):
Անոնք երկուքը իրենց արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած են 22-ական կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու:
Ճոքովիչ, որ 55-րդ անգամ ըլլալով կը հասնի կրան շլեմի մրցաշարքի մը քառորդ աւարտականին, այդ ցուցանիշով միայն կը զիջի զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերին (58 անգամ):


