Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 2022-2023 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Իր կատարած վերջին մրցումին, իշխանապետական կազմը` Մոնաքօ, որ հիւրընկալեց Թուլուզը, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը եւ տարեշրջանը աւարտեց 6-րդ դիրքին վրայ:
Նկատի ունենալով, որ Մոնաքօ յառաջիկայ տարեշրջանին եւրոպական մրցաշարքերուն իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ, ակումբին ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտօնանկ ընել իր պելճիքացի մարզիչը` Ֆիլիփ Քլեմանը, որովհետեւ ան իր վրայ դրուած յոյսերը չարդարացուց:
Նշենք, որ Քլեման իր պաշտօնը ստանձնած էր յունուար 2022-ին:


