Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Թող Բոլորը Մասնակցին Անհրաժեշտ Եւ Պահանջուած Բարեկարգումներուն Գործադրութեան` Փրկելու Համար Հայրենիքը»

June 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի նախարարութիւններուն գործակցութեամբ` Եւրոպական Միութեան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի միջեւ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:

Համաձայնագիրը կը վերաբերէր Լիբանանի կոյուղիներու ջուրերը զտելու ծրագիրին:

Այս առիթով Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը այլընտրանք չունի, բացի իր աշխատանքը շարունակելէ, գործակցելով նախարարներուն եւ քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ:

Ան հաստատեց, որ ազգային մակարդակի վրայ կարեւոր է գործել` քաղաքական մթնոլորտը բարելաւելու նպատակով: «Թող բոլորը մասնակցին անհրաժեշտ եւ պահանջուած բարեկարգումներուն գործադրութեան` փրկելու համար հայրենիքը», ըսաւ ան:

Միքաթի յոյս յայտնեց, որ այս համաձայնագիրը կ՛ըլլայ առիթ մը, որուն միջոցով լիբանանեան պետութիւնը` այլոց վստահելէ բացի, կը ստանձնէ իր դերակատարութիւնը` երկրին ենթակառոյցը նորոգելու եւ բարելաւելու նպատակով:

Իր կարգին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ նախարարութիւնը ստանձնած օրէն ճիգ չէ խնայած այդ համաձայնագիրը զարգացնելու իմաստով:

Իր կարգին, կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին շեշտեց պետական եւ սեփական մարզերուն կողմէ կենսոլորտային երաշխիքները յարգելու կարեւորութիւնը:

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ նշեց, որ այս համաձայնագիրը միայն կոյուղիներու ջուրերը զտելու առումով օգտակար պիտի չըլլայ, այլ նաեւ հանրային առողջութիւնը եւ ընկերային ու տնտեսական բարգաւաճումը պահպանելու իմաստով:

Նախորդը

Շարաֆէտտին. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Դանդաղ Կերպով Կ՛ընթանայ»

Յաջորդը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Մը, Որ Պիտի Գումարուի 14 Յունիսին

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.