Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, թէեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սթրազպուրկի դաշտին վրայ, սակայն յաջողեցաւ պաշտպանել ախոյեանութեան տիտղոսը` չորս կէտի առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցին` Լանսի վրայ, որ այս հանգրուանին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աժաքսիոյի դէմ:
Սթրազպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Լիոնել Մեսսի նշանակեց փարիզեան կազմին կոլը (59-րդ):
Նշենք, որ ցարդ երեք խումբեր` Թրուա, Աժաքսիօ եւ Անժէ, պաշտօնապէս փոխադրուած են Բ. դասակարգ:
Չորրորդ խումբին անունը կը յստականայ վերջին հանգրուանի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ:
Վտանգաւոր դիրքին վրայ գտնուող Օքսեռ (16-րդ) այժմ ունի 35 կէտ, մինչ Նանթ (17-րդ)` 33 կէտ:
Նանթի վերջին մրցակիցն է Անժէ (20-րդ ), մինչ Օքսեռի մրցակիցը` Լանս (2-րդ):


