Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին Վախճանման 850-Ամեակին Ձօնուած Սրբազան Համերգ` Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» Երգչախումբին Կատարողութեամբ

May 31, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ներկայ տարին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850-ամեակն է: Իր հարուստ իրագործումներով եւ հոգեմտաւոր մեծ վաստակով Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եղած է Հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն ու բազմաշնորհ հայրապետներէն մէկը: Իր եզակի արժանիքներով Շնորհալին առանցքային ներկայութիւն դարձած է յատկապէս մեր եկեղեցւոյ ծիսական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, միջեկեղեցական ու երաժշտական մարզերէն եւ, ընդհանրապէս, հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս»:

Այս հաստատումով կը սկսի Արամ Ա. վեհափառին հայրապետական կոնդակը, որ ընթերցուեցաւ Կոմիտաս արք. Օհանեանի կողմէ, հինգշաբթի, 25 մայիս 2023-ին, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին մեծանուն սուրբին ձօնած սրբազան համերգին սկիզբը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Ի դէպ, երգչախումբը իր անուանումը ստացած է Շնորհալի հայրապետի 800-ամեակին առիթով, երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսին կողմէ: Շարունակելով կոնդակը` հայրապետը կը յայտնէ, որ` «Հոգեմտաւոր հսկայ հարստութիւն մը ժառանգած է մեր եկեղեցին Սուրբ Ներսէս Շնորհալիէն: Անկրկնելի ժառանգ մը, որ իր կարեւորութիւնը, իւրայատկութիւնն ու թարմութիւնը կը շարունակէ պահել մինչեւ մեր օրերը: Սուրբ Ներսէս Շնորհալին մեր պատմութեան այն բացառիկ հոգեւորականներէն մէկն է, որ իր սրբակենցաղ կեանքով ու Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ամբողջական նուիրումով, նոյնիսկ իր կենդանութեան մեր ժողովուրդին կողմէ «Սուրբ» որակուած է: Բազմավաստակ հայրապետին տրուած է «Շնորհալի» կոչումը ո՛չ միայն իր ստեղծագործական վաստակի քանակին ու տեսակին, այլ մանաւանդ որակին համար»: Կոնդակին մէջ կը նշուի նաեւ` սուրբին ներդրումը մեր եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան հարստութեան, արդիականացումին եւ ժողովրդականացումին, եկեղեցւոյ բաժանման հիմնական պատճառ դարձած քրիստոսաբանական հարցերու պարզաբանումին, նախարարական տոհմերու հակամարտութիւններու լուծման եւ յոյն, լատին ու ասորի եկեղեցիներուն եւ Հայ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւններու ծաւալման մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց մէջ շատ բան կը պարտի Շնորհալի հայրապետին թողած կտակին:

Քառաձայն երգչախումբին ղեկավարն էր Զաւէն վրդ. Նաճարեան` ընկերակցութեամբ դաշնակահար Համբիկ Մարտիրոսեանի, տուտուկահար Գէորգ Քէշիշեանի եւ ջութակէ ու թաւջութակէ բաղկացած նուագախումբի:

Հայրապետական թափօրին մուտքէն ետք համերգը ընթացք առաւ «Տէրունական աղօթք»-ով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, որ լուսարձակի տակ առաւ սուրբին վաստակը: Ան ըսաւ, որ Շնորհալի հայրապետին դերակատարութիւնը անգնահատելի է յատկապէս մեր եկեղեցւոյ եկեղեցական երաժշտութեան բնագաւառէն ներս: Ան հեղինակած է բազմաթիւ շարականներ, տաղեր ու մեղեդիներ, որոնք կը վկայեն Ս. Ներսէսի ստեղծագործական միտքի յորդառատութիւնը ու ճկունութիւնը: Խօսելով սուրբին անունը կրող երգչախումբին մասին` հայր Ստեփանոս դիտել տուաւ, որ «Շնորհալի» երգչախումբը տարիներ շարունակ  ծաղկեցուցած ու պանծացուցած է հայ երգը, մանաւանդ` հայ հոգեւոր երգը, մասնակից դառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան իրականացման: Ս. պատարագի երգեցողութեան կողքին, երգչախումբը նաեւ հանդէս կու գայ ազգային ու ժողովրդական երգերով` հայկական ու տեղական բեմերէն: Վերջապէս, հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ընդգծեց վեհափառ հայրապետին հոգատարութիւնը` երգչախումբին առաքելութեան ծաւալման աշխատանքներուն մէջ:

«Շնորհալի» երգչախումբին երգացանկը կ՛ընդգրկէր «Նոր ծաղիկ»` մենակատարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ տուտուկի ընկերակցութեամբ Գ. Քէշիշեանի, «Ո՞վ է որպէս»` մենակատարութեամբ Ղազար Քէօշկէրեանի եւ շվիի ընկերակցութեամբ Գ. Քէշիշեանի, «Իմաստութիւն», «Ձօն», «Այսօր անճառ», «Քահանայք» եւ «Ի վերին Երուսաղէմ», փունջ մը շարականներ` «Յիշեսցուք», «Անբաժանելի», «Առաւօտ լուսոյ», «Առաքելոյ աղաւնոյ», «Որ պատուեր զօրութեամբ», «Արեգակն արդար», ինչպէս նաեւ` «Գովեա՛ Երուսաղէմ», «Նայեաց սիրով», «Նորաստեղծեալ», «Օրհնեալ է Աստուած», «Որ զխորհուրդ», «Ամէն հայր սուրբ», «Ի քէն հայցեմք» եւ «Ետուր ըմպել», որոնք գրուած ու մշակուած են մեծ սուրբին կողմէ: Նշենք, որ մէջ ընդ մէջ կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի փոքրիկներէն երեք անդամներ «Հաւատով խոստովանիմ»-էն հատուածներ արտասանեցին:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին «Պահպանիչ» աղօթքով:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Նուիրուած Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Յաջորդը

Եուվենթուս 12 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Բացակայ` «Չեմփիընզ Լիկ»-էն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.