Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատագրութեան Տարեդարձին Առիթով. Պըրրի. «Վերստին Ներգրաւեցէ՛ք Յաղթանակի Խթաններն Ու Դիմակալեցէ՛ք Լիբանանը Դատարկութեան Ու Անզօրութեան Մղելու Միտող Փորձերը

May 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 մայիս 2000-ին իրագործուած Լիբանանի` իսրայէլեան ուժերէն ազատագրութեան տօնին առիթով  լիբանանցի ղեկավարներ դրուատիքով ու ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան երէկ` բարձր գնահատելով այդ յաղթանակը կերտած մարտիկներու զոհողութիւնները:

Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա եւս այսօր երեկոյեան պիտի արտասանէ խօսք մը,  որուն մէջ պիտի անդրադառնայ տեղական թէ արտաքին իրավիճակին ու նորագոյն զարգացումներուն:

Նոյնպէս այս առիթով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն վերստին ներգրաւելու եւ ոգեւորելու այն կորովը, որ կարելի դարձուց յաղթանակի իրագործումը եւ խթանեց Լիբանանը դատարկութեան ու անզօրութեան ոլորապտոյտին մէջ խրելու միտող ճիգերը:

Ան կոչ ուղղեց Լիբանանը դատարկութեան ու տեղքայլի մէջ ներգրաւել փորձող քայլերը դիմակալելու երկխօսութեամբ ու համերաշխութեամբ` սահմանադրութեան եւ օրինական տրամադրութիւններու ծիրին մէջ:

Պըրրի այս առիթով վերահաստատեց, որ խորհրդարանի դռները բաց  են հերքելով, թէ անոնք փակ են` օրէնսդրական օրինագիծերու թէ նախագահական ընտրութեան իրագործման դէմ: Խորհրդարանի նախագահը մաղթեց, որ նախագահական ընտրութիւնը իրականանայ «երէկ, նախքան վաղը» խորհրդարանական պլոքներու համերաշխ ու պատշաճ տրամադրութիւններու մթնոլորտին մէջ:

Թուելով նախատեսուող նախագահական թեկնածուի նկարագրային գիծերը Պըրրի շեշտեց, որ թեկնածուն ըլլայ հայրենասէր, քաղաքացիներու կարիքներուն նկատմամբ հոգատար ու անոնց վախերն ու կասկածները փարատելու ատակ եւ կարող անձնաւորութիւն: Պըրրի դաւաճանութեան համազօր նկատեց բոլոր այն քայլերը, որոնց միջոցով կը փորձուի ջլատել Թաէֆի համաձայնագիրի տրամադրութիւններն ու 25 մայիսի յաղթանակին իրագործումները:

Այս առիթով խորհրդարանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարեկամ երկիրներուն, յատկապէս` Սուրիոյ, Իրանի եւ Ալճերիոյ, որոնք նպաստեցին եւ զօրակցեցան Լիբանանի անկախութեան ամրագրման քայլերուն:

 

Նախորդը

Ռիատ Սալամէ Հարցաքննուեցաւ Եւ Ազատ Կացուցուեցաւ

Յաջորդը

Երեսփոխաններ Ֆատի Ալամէ Եւ Յակոբ Բագրատունի Տեսակցեցան Արժանթինի Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.