Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանէն

May 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան կողմէ հարիւրամեայ յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպումը առիթ մը եղաւ, երկար տարիներու բաժանումէ ետք, դասընկերներով ու դասընկերուհիներով վերստին համախմբուելու, վերապրելու եւ վերյիշելու դպրոցին ու դպրոցական կեանքին, շատ սիրելի տնօրէնին,  ուսուցիչներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ կապուած դէպքեր, դրուագներ եւ անցեալի քաղցր յուշեր:

Հարիւրամեակի յոբելենական ձեռնարկներուն նուիրուած մեր բանաւոր ու գրաւոր աշխատանքներու շարքին, Ճեմարանի առաքելութիւնը լաւագոյնս կարենալ բացատրելու առաջադրանքով եւ պատմութեան համար յարմար դատեցինք յուշագրական վկայութիւններ հաւաքել:

Յուշագրութիւնները որքան ալ ենթակայական ու զգացական ըլլան, պատմութեան համար իւրայատուկ արժէք կը ներկայացնեն:

Դպրոցին, դպրոցական քաղցրիկ կեանքին, մեր տիպար տնօրէնին եւ խստապահանջ ուսուցիչներուն մասին յուշերը միշտ թարմ կը մնան իւրաքանչիւր ճեմարականի սրտին եւ զգացումներուն մէջ:

Այսօր մեր ուսուցիչներէն շատեր չկան: Չկան նաեւ դասընկերներէն ոմանք: Պատմութեան բնական ընթացքով եւ կամքով տերեւաթափը տարաւ զանոնք: Չկայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը` իբրեւ մարդակերտումի օճախ: Իսկ մեր սիրելի տնօրէն հայր Սահակ Քէշիշեան հարիւրամեակի յոբելենական այս ձեռնարկներուն մեծագոյն բացական է:

Մանկութենէս յաճախած եմ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարան: Եղած եմ շատ հաւատարիմ եւ տնօրէնիս բնորոշումով` պարտաճանաչ աշակերտուհի: Մարդկային եւ հոգեւոր կազմակերպումիս մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած Ճեմարանի կնիքը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը,  Յիսուսեաններու խստագոյն կարգապահութեամբ, կրթական, դաստիարակչական ու մանկավարժական բծախնդիր եւ խիստ սկզբունքներով առաջնորդուող, ջանացած է համակողմանի կրթութիւն ջամբել:

Մեր ուսուցիչները, դաստիարակները, ինչպէս` Յիսուսեան բոլոր միաբանները,  համալսարանաւարտ էին, հմուտ` իրենց աւանդած նիւթերուն տիրապետելու առումով, եւ անոնցմէ շատեր առնուազն երկու մասնագիտութեան տէր էին:

Ուսուցիչներէն շատերը, ինչպէս նաեւ աշակերտներէն ոմանք օտար էին, ինչպէս` Յիսուսեանները. կրթական ծրագիրը կ՛առաջադրէր, որ աշակերտները պէտք էր` կազմաւորուէին իբրեւ համակողմանի բարձրորակ կրթութեամբ օժտուած քրիստոնեայ մարդիկ: Բնականաբար ազգային հայեցի տոհմիկ դաստիարակութիւնը տեղ չունէր կրթական ծրագիրին մէջ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ տիրական էր բազմավաստակ հեղինակաւոր տնօրէնին` հայր Սահակ Քէշիշեանին հմայքը: Անոր անունը անջնջելիօրէն կապուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին եւ այս կրթական հաստատութեան առաքելութեան:

Հայր Սահակի հեղինակութեամբ պայմանաւորուած էր Ճեմարանի մէջ հայեցի դաստիարակութիւնը: Ան յաջողած էր կրթական ծրագիրին մէջ հայերէն դասընթացք եւ ի մասնաւորի հայոց պատմութիւն ներմուծել:

Ուսուցչական կազմին մաս կը կազմէր հօրաքոյրս` տիկին Թերզեանը: Ան մեր հայերէնի ուսուցչուհին էր, հայր Սահակի խորհրդատուն ու աջակիցը եւ իր դրոշմը դրած էր մեր հայեցի կազմաւորումին մէջ:

Յատկապէս թուաբանութիւնը եւ ընդհանուր առմամբ գիտական դասերը եղած են նախասիրած նիւթերս: Դասարանին մէջ միակ աղջիկն էի, եւ ուսուցիչներս սովորութիւն ըրած էին անպայման զիս դասի հանելու: Հայր Սահակ կը սիրէր պարբերաբար դասարանները այցելել եւ մօտէն հետեւիլ դասաւանդութիւններուն:

Աշակերտներուն մեծամասնութիւնը տղաք էին, եւ զբօսանքներուն աւելի տղոց հետ կը խաղայի: Զբօսանքին արգիլուած էր հայերէն խօսիլ, եւ պարտադիր էր, որ ֆրանսերէն խօսէինք իրարու հետ:

Յիսուսեաններու կրթական սկզբունքին մէջ ներառուած էր պատարագը` իբրեւ դասապահ: Ուստի հինգշաբթի կէսօր, 4-րդ պահը յատկացուած էր պատարագին, որուն կը մասնակցէին բոլոր աշակերտները անխտիր:

Հայր Սահակ ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանած էր երգ մը, եւ պարտադիր էր, որ ամէն հանդէսի ինծի յանձնուի անիկա երգելու պարտականութիւնը:

Հայր Սահակ ժողովրդական դէմք էր եւ սովորութիւն ունէր այցելելու իր աշակերտներու ծնողներուն: Ան յաճախ հիւր կ՛ըլլար մեր տունը եւ բարեկամական սերտ կապ ստեղծուած էր հօրս եւ վարդապետին միջեւ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը եւ ճեմարանական կեանքը, անցեալի այդ երանելի օրերը, աւա՜ղ, այլեւս անվերականգնելիօրէն պատմութեան անցած են:

Սիրելի՛ տնօրէն, սիրելի՛ ուսուցիչներ, դուք ձեր մտքէն, հոգիէն, էութենէն շատ բան տուիք մեզի: Դուք վճռորոշ դեր ունեցաք մեր մարդկային, ազգային եւ հոգեւոր կազմակերպումին մէջ:

Վարձքերնիդ կատար եւ ձեր յիշատակը անթարամ մնայ:

ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ
(Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի աշակերտուհի)

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արարատն Ալ, Արագածն Ալ, Թէ՛ Տեսլական, Թէ՛ Ալ Հիմք

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Հոգեգալուստ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.