«Այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկին կը գտնուի հակահայ, դաւաճան իշխանութիւն, կը կարծեմ, երէկուընէ ետք արդէն բոլորին համար պարզ պիտի ըլլայ: Սա պարզ պիտի ըլլայ արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան այն քաղաքացիներուն համար, որոնք մինչեւ հիմա կը կասկածէին: Ակնյայտ է պարզապէս, որ խօսքը միայն Արցախի մասին չէ: Այն, ինչի մասին կը խօսի Նիկոլ Փաշինեանը, ակնյայտ է, որ անկէ ետք Հայաստանի պետականութեան գոյութիւնը պիտի ըլլայ հարցականի տակ», Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:
«Բան մը շատ յստակ պէտք է ըլլայ: Արցախն ու Հայաստանը Նիկոլ Փաշինեանինն ու Քաղաքացիական պայմանագիրինը չեն: Այո՛, նորէն կ՛ըսեմ, որ պայքար պիտի ըլլայ: Պիտի քննարկենք` ո՛ւր եղած են մեր բացթողումները, ի՛նչ պիտի անէինք, որ չենք ըրած անցած տարի այս ժամանակահատուածին: Սրբագրելով նախորդ երկու փորձերուն ժամանակ մեր բացթողումները` ունենալ աւելի համապարփակ ծրագիր: Սա է հիմա խնդիրը: Այս պահուն շատ հասկնալի պատճառներով մանրամասնութիւններու մասին պիտի չխօսիմ: Այն տպաւորութիւնը, թէ այս իշխանութիւնը պիտի մարսէ նոր յանձնուողական փաստաթուղթը, ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ պիտի չմարսէ: Առնուազն մենք, ինչ որ կարելի է, պիտի ընենք ատոր համար: Կան բազմաթիւ ազգային ուժեր, որոնք պիտի ներգրաւուին այդ գործընթացին մէջ: Մենք որեւէ փառատենչութիւն չունինք, որեւէ արդիւնաւէտ գործընթացի մէջ պատրաստ ենք ե՛ւ ըլլալ թիւ մէկ պատասխանատուն, ե՛ւ շարքային զինուորը: Մեր գլխաւոր նպատակը մեր հայրենիքն է ու այս թրքահպատակ իշխանութեան հեռացումը: Այս իշխանութիւններուն դէմ որեւէ գործընթաց, գործողութիւն օրինական է, քանի որ իրենք օրինական չեն», նշեց ան:
«Եթէ կը յիշէք, վերջին 3 տարիներուն, անցած տարի նոյնինքն այս օրերուն այս վտանգներուն մասին մենք բարձրաձայնած ենք: Ըստ էութեան, Նիկոլ Փաշինեանը վերջին օրերուն հրապարակած է Արցախը եւ Հայաստանը յանձնելու ճանապարհը եւ ժամանակացոյցը: Ինծի կը թուի, որ 25 մայիսին Մոսկուայի մէջ հանդէս պիտի գան եռակողմ յայտարարութեամբ մը, որմէ ետք այդ ամէն ինչը պիտի շարունակուի Քիշնեւի մէջ, այնուհետեւ Պրիւքսելի մէջ պիտի փորձէ պայմանաւորուիլ յանձնուողական նոր պայմանագիրի շուրջ: Հոկտեմբերի հանդիպման մասին եւս յայտարարուած է, պիտի փորձեն ունենալ ամբողջական յանձնուողական պայմանագիր, այնուհետեւ զայն պիտի վաւերացնեն: Ըստ էութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքական ուժերը, հայ ժողովուրդը, մտահոգ քաղաքացիները ունին ընդամէնը 5-6 ամիս երկիրը յանձնելու գործընթացը կասեցնելու համար», շեշտեց Սաղաթէլեան:
Անդրադառնալով ընդդիմութեան գործողութիւններուն` ան ըսաւ, որ պիտի չհամակերպին ստեղծուած իրավիճակի հետ եւ պիտի պայքարին մինչեւ վերջին շունչը:
«Այն բոլոր խօսակցութիւնները, թէ ընդդիմութիւնը հեռացած է իր օրակարգէն, պայքարը դադրեցուցած է, ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ այդպէս պիտի չըլլայ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան եւ պնդեց, որ նախորդ տարուան պայքարը յետաձգած է Փաշինեանի այսօրուան սկսած գործընթացները, իսկ յառաջիկային Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ իրենք պիտի համախմբեն ժողովուրդին եւ դուրս պիտի գան պայքարի:


