Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղական Թէ Արտաքին Նախաձեռնութեանց Սպասումով. Քուլիսային Թէ Այլ Շփումներ Թափ Կ՛առնեն Լիբանանի Մէջ

May 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ վերջերս նկատելի է դիւանագիտական թէ քաղաքական ուշագրաւ եռուզեռ` նախատեսուող մարտահրաւէրներու դիմակալման թէ կարգաւորման ընդառաջ:  Այլ խօսքով, Միջին Արեւելքի շրջանը համընդհանուր փոխակերպման գործընթացի հոլովոյթ մը կ՛ապրի, եւ Լիբանան` իբրեւ մէկ փոքր մասնիկը այս շրջանին, անմասն չէ փոխակերպման այդ քայլերէն: Խորքին մէջ ասիկա նորութիւն չէ: Յետադարձ ակնարկով մը կարելի է վերյիշել ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Քոնտոլիզա Ռայսի կոչը` Միջին Արեւելքի փոխակերպման անհրաժեշտութեան գծով: 2003-ին Ռայս «Փոխակերպելով Միջին Արեւելքը» խորագրեալ յօդուած մը ստորագրեց ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին մէջ: Այսօր, երկու տասնամեակ ետք կարելի է նշել, թէ «շինիչ աւերներ», «նորարար քաոս» կամ «քանդենք, որ վերաշինենք» տեսլականներով առաջնորդուած ծրագիրը ինչե՛ր իրագործած է շրջանին մէջ Իրաքէն մինչեւ Լիպիա, Եգիպտոս, Սուրիա եւ այլն, ուր Լիբանան եւս իր բաժինը ունեցաւ: Փոխակերպումի կոչը կ՛ընդգրկէր քաղաքականի կողքին տնտեսական ու մշակութային ոլորտներ, մարզեր, զորս կարելի չէ մէկ օրէն միւսը փոխել կամ շրջել: Հիմնականին մէջ թիրախը շրջանի երկիրներուն եւ յատկապէս ղեկավար «ընտրանիին» մօտ տիրող աւանդական կարծրատիպ մտայնութիւններն ու հասարակական շրջանակներու միջեւ «թապուներու» վերացումն էր: Հոկտեմբեր 2019-ին Լիբանանի մէջ բռնկած շարժումները որոշ չափով կը ցոլացնէին այդ առաջադրանքները: Սէուտական Արաբիա կը թուի ըլլալ այս նոր Միջին Արեւելքի ձեւաւորման «ջատագովը»: Սէուտցի գահաժառանգը լծուած է լուծելու բոլոր հրատապ հարցերը, եւ խորքին մէջ Արաբական 32-րդ վեհաժողովը ա՛յս թելադրանքը փոխանցած էր ներկաներուն: Փաստօրէն, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանը նախանձախնդիր է տագնապները դիւանագիտական ոճով (ոչ պատերազմով) լուծելու:

Նշեալ այդ տագնապներու լիբանանեան հարթակի անմիջական հիմնական խորագիրներն են` նախագահական ընտրութեան իրագործումը, սուրիացի տեղահանուածներու«տունդարձի» կարգաւորումը եւ լիբանանեան տնտեսական տագնապի լուծումը, որուն «կծիկին թելը» կը սկսի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ անոր մեղսակիցներուն նկատմամբ յառաջացած հետաքննական ու դատական տաղտկալի աղմուկէն:  Բնականաբար, երկրի քաղաքական ու տնտեսական կայունութեան ուղղութեամբ առնուող այս քայլերու կողքին առաջնահերթ է նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, որուն ամրագրման գծով լիբանանեանի կողքին նոյնքան դերակատար կը նկատուին արտաքին առնչակից կողմեր:

Այս դիտանկիւնէն կարելի է ըմբռնել սէուտցի դեսպան Ուալիտ Պուխարիի վերջերս կատարած այն արտայայտութիւնը, թէ «շիիները մեր թշնամիները չեն», «Սէուտական Արաբիա վեթօ չունի Լիբանանի նախագահական ոեւէ թեկնածուի դէմ» եւ կամ գահաժառանգ իշխանի կոչը` «Լիբանանի մէջ հարցերը լուծելու այնպէս մը, որ Սուրիան չնեղանայ»: Ձիւնհալի թէ մեղմ քաղաքականութեան այս մարտավարութիւնը բնական է` «կախարդական գաւազանով» կարելի չէ իրագործել: Անիկա կը կարօտի նախապատրաստական որոշ ժամանակի եւ դասաւորումներու` առնչակից կողմերուն հետ: Հոսկէ` Լիբանանի գծով արտաքին, յատկապէս` արաբական կեցուածքներու «թարգմանութիւնը» Լիբանանի մէջ որոշ ժամանակի կը կարօտի:

Նմանապէս` լիբանանեան ներքին ճակատի վրայ, ուր «աւանդական» եւ «բարեկարգչական, նորարար» ղեկավարներու միջեւ համախոհութիւնը երկրի հրատապ հարցերուն գծով որոշ ժամանակի կը կարօտի: Փաստօրէն, հրատապ հարցերու կիզակէտը կազմող նախագահական ընտրութեան հարցին գծով «ընդդիմադիր» կամ «բարեկարգչական» ղեկավար-երեսփոխանները ցարդ չեն կրցած համախոհութեան յանգիլ նախագահական հասարակաց թեկնածուի մը գծով:

Առ այդ, սպասելով արտաքին թէ ներքին կեցուածքներու բիւրեղացման, քուլիսային թէ անուղղակի շփումները թափ կ՛առնեն լիբանանեան քաղաքական հարթակներուն վրայ: Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Պէյրութ իր վերադարձին վերստին ձեռնարկէ լիբանանեան առնչակից կողմերու հետ իր տեսակցութեանց:

Փոխադարձաբար կը նախատեսուի որ յառաջիկայ օրերուն Լիբանան ժամանէ Քաթարի մէկ պատուիրակութիւնը վերոնշեալ «առաքելութեամբ»:

Նոյն ծիրին մէջ խորհրդարանի փոխնախագահ, Էլիաս Պու Սաապ մօտերս դարձեալ պիտի շարունակէ իր մագոգային շփումները խորհրդարանական տարբեր, յատկապէս` հակադիր համախմբումներու կամ պլոքներու հետ` փորձելով խորհրդակցական ընդլայնուած հանդիպում մը իրականացնել: Նման քայլ մը կրնայ խթանել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յայտարարած 15 յունիսին նախագահական ընտրութեան նիստ գումարելու իրականացումը: Ըստ Պու Սաապի մօտիկ աղբիւրներու, այս քայլերը կրնան առաւել եւս յստականալ յառաջիկայ ութէն տասը օրերուն ընթացքին:

Իր կարգին, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը «ձեռնածալ» չէ ու աշխուժ քայլերու կը դիմէ տեղական կարգ մը կարծր կողմերու կեցուածքները «մեղմացնելու» եւ արտաքին զօրակցական ճիգերը ամրագրելու միտումով: Ռայի պատրիարքը այսօր` չորեքշաբթի, պիտի ուղղուի դէպի Յորդանան, հովուապետական եռօրեայ այցելութեամբ, որ երկրորդն է անցնող հինգ ամիսներուն ընթացքին: Իր տեսակցութիւններու աւարտին, Ռայի պատրիարքը այս շաբաթ օր պիտի ուղղուի Փարիզ, որուն նկատմամբ մեծ յոյսեր ու ակնկալութիւններ ունին լիբանանցիք, յատկապէս` կարգ մը քրիստոնեայ համայնքներ:

Իսկ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կը շարունակէ արտաքին կողմերու հետ իր տեսակցութիւնները, որոնց նորագոյն կանգառը Փարիզն էր:

Նմանապէս, ընդդիմադիր, բարեկարգչական երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը քաղաքական շրջապտոյտի ձեռնարկած է արեւմտեան կարգ մը «բանալի» մայրաքաղաքներու ուղղութեամբ: Պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն Ուաշինկթընէն անցաւ Փարիզ:

Խորքին մէջ դէպի արտաքին «աշխարհ» դիմող լիբանանեան այս քայլերը կը ջանան փութացնել աշխարհի ու Միջին Արեւելքի բազում հարցերով կլանուած արտաքին կողմերու զօրակցական միջամտութիւնը, որ նաեւ կ՛ընդգրկէ նիւթական օժանդակութիւններու «ցուցակ» մը, ձերբազատելու համար Լիբանանը նիւթական իր խառնիճաղանճ տագնապէն, սկսելով Միջազգային դրամական ֆոնտի նախապայմաններէն մինչեւ բարեկարգչական խոստումներու գործադրութեան անհրաժեշտ «մեկենասութիւնը»:

Նախորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Յայտարարած Է Պելկորոտի Մարզ Ներխուժած Ուքրանական Խումբերու Ոչնչացման Մասին

Յաջորդը

Ալիեւ. «Յառաջիկային Հայկական Կողմին Հետ Նոր Հանդիպումներ Պիտի Ըլլան»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.