Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռեքիաւիքի մէջ գումարուած Եւրոպական խորհուրդի վեհաժողովի ընթացքին վեց երկիրներ` Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Պոսնիան, Հունգարիան, Սերպիան եւ Թուրքիան մերժած են ստորագրել Ուքրանիոյ կրած վնասներու արձանագրութեան մատեան ստեղծելու հռչակագիրը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ արդարադատութեան փոխնախարար Իրինա Մուտրայա:
Անտորան, Պուլկարիան եւ Զուիցերիան պատրաստ են միանալու հռչակագիրին, սակայն պէտք է կարգաւորեն ատոր առնչուած ներքին իրաւական ընթացակարգերը:
Արձանագրութեան մատեանը պիտի տեղակայուի Լա Հէյի մէջ: Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Վոփքէ Հոքսթրան յայտնած է, որ նշեալ մատեանի աշխատանքը սերտօրէն պիտի համակարգուի Ուքրանիոյ հետ:
«Արձանագրութեան մատեանը պիտի ընդունի, մշակէ եւ պահէ (Ուքրանիոյ կրած) վնասներու մասին դիմումները», ըսած է Հոքսթրա:
Անոր համաձայն, այդ մեքանիզմին միացած է 43 պետութիւն: Կ՛ենթադրուի, որ անիկա ամբողջ ծաւալով պիտի սկսի գործել 2024 թուականին:


