Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 19, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու օրէնսդրական շարք մը խնդիրներ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը: Հաժժար ընդգծեց այդ թղթածրարին ունեցած վտանգը Լիբանանի համար` աւելցնելով, որ եթէ տեղահանուածներու տունդարձը կազմակերպելու առումով Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ բանակցութիւնները օգտակար են, ապա Լիբանան անվարան պէտք է դիմէ Սուրիոյ եւ համագործակցութիւն հաստատէ` իրականացնելու համար տեղահանուածներու տունդարձը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը հաստատեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերն ու յաւելումները պիտի վճարուին ճշդուած թուականին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Եարզէի մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ նախագահական ընտրութիւնը կատարելու անհրաժեշտութիւնը` սկսելու համար երկրին ապաքինման եւ զարթօնքին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ տակաւին նախագահական թեկնածուներու անուններու քննարկման փուլ չեն հասած:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հրաժարած է Ժիհատ Ազուրի թեկնածութեան զօրակցելէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար Քամիլ Տորի Շամուն յայտնեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի այն յայտարարութիւնը, թէ Սուրիա կ՛ողջունէ բոլոր տեղահանուածներուն տունդարձը, գնահատելի է: Ան մաղթեց, որ այս քայլը ըլլայ այն առողջ մուտքը` երկկողմանի յարաբերութիւնները առողջ դարձնելու իմաստով:

 

 

Նախորդը

Հիւսիսային Իտալիոյ Մէջ Երաշտի Ընթացքին Արտակարգ Անձրեւներու Պատճառով Զոհեր Եւ «Ֆորմիւլա-1»-ի Չեղեալ Նկատում

Յաջորդը

Պասիլ Անհաւանական Կը Նկատէ Հըզպալլայի Հետ «Ամուսնալուծումը»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.