Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճան Կ՛ոչնչացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հայկական Հոգեւոր Ժառանգութիւնը» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

May 17, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Կրօնական ազատութեան միջազգային յանձնախումբի 2022 թուականի դաւանանքի ազատութեան մասին զեկուցումը, ուր Ազրպէյճանը ներառուած է յատուկ վերահսկողութեան տակ գտնուող երկիրներու ցանկին մէջ:

2022 թուականին Ազրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան վիճակը բացասական տեղաշարժ ունեցած է: Կառավարութիւնը շարունակած է զգալի վերահսկողութիւն կատարել կրօնական գործիչներուն նկատմամբ` շարունակելով հետապնդել եւ կալանաւորել զանոնք:

Կը նշուի, որ անցեալ տարեվերջին Ազրպէյճանի մէջ կրօնական համոզումներու համար բանտարկուած է 19 մարդ: Տեղական իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները նաեւ կ՛ըսեն, որ կառավարութիւնը «շարունակած է ֆիզիքական բռնութիւն կիրարկել, կալանաւորել եւ բանտարկել կրօնական գործիչները, եւ որ կրօնական գործիչներու ձերբակալութիւններէն շատերը, ներառեալ թմրանիւթեր պահելու մեղադրանքով, քաղաքական բնոյթ կրած են»:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի` Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման մասին: «Միջազգային մարմինները եւ այլ կազմակերպութիւններ կը շարունակեն կասկածի տակ դնել Ազրպէյճանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` պաշտպանելու եւ պահպանելու կրօնական ու մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող յարակից տարածքներուն մէջ:

Անցեալ տարուան փետրուարին Ազրպէյճանի այն ժամանակուան մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով յայտարարեց եկեղեցիներէն «կեղծ» հայ առաքելական արձանագրութիւնները հեռացնելու համար աշխատանքային խումբ ստեղծելու մասին: Ըստ երեւոյթին, միջազգային վրդովումէն ետք, կառավարութիւնը հրաժարեցաւ այդ ծրագիրէն, եւ մարտին Եւրոպական խորհրդարանը դատապարտեց Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շրջակայքին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ ժխտման շարունակական քաղաքականութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կրօնական ազատութեան միջազգային յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կ՛առաջարկէ «ֆինանսաւորում տրամադրել Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան` վերականգնելու, պահպանելուն եւ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներու մէջ պաշտամունքի վայրերը եւ այլ կրօնական կամ մշակութային վայրերը»:

 

 

Նախորդը

Փաթել. «Ուաշինկթըն Կը Հաւատայ, Որ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տեւական Խաղաղութիւնը Կարելի Է»

Յաջորդը

Պորել. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Շարունակէ Իր Ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի Մէջ Տեւական Խաղաղութեան Եւ Անվտանգութեան Հասնելու Համար»

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի  Եւրոպական Համարկման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւրոպական Համարկման Գործընթացը

October 15, 2026
Հայաստանի Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առեւտրական  Կապերու Ընդլայնման Տարբերակներու Քննարկում
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առեւտրական Կապերու Ընդլայնման Տարբերակներու Քննարկում

October 15, 2026
Ազրպէյճան Ոչնչացուցած Է Շոշ Գիւղի  Համաշխարհային Բ. Պատերազմի  Զոհերու Յուշարձանը
Հայկական

Ազրպէյճան Ոչնչացուցած Է Շոշ Գիւղի Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Զոհերու Յուշարձանը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.