Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ էյթ) երկրորդ ճակատումին, Տինամոյի եւ Պէյրութի միջեւ տեղի ունեցած երրորդ մրցումը եւս, նախորդ երկուքին նման, դարձեալ վերջ գտաւ Տինամոյի յաղթանակով. վերջինս այս անգամ արձանագրեց 98-83 արդիւնքով յաղթանակ մը (26-10, 32-25, 21-24 եւ 19-24):
Նշենք, որ նախորդ երկու մրցումներուն, Տինամօ արձանագրած էր 88-81 եւ 95-87 արդիւնքով յաղթանակներ:
Այս երրորդ մրցումին ամէնէն շատ կէտը` 39, նշանակեց Պէյրութէն Մոհամետ Շապազ (նաեւ` 13 ռիպաունտ):
Իր կարգին տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Տինամոյէն Ճօ Լուհալ-Աքուիլ (23 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Տինամոյէն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործելու բաւական մօտ էր լիբանանցի երիտասարդ խաղացող Ժատ Խալիլ (14 կէտ, 8 ռիպաունտ, 8 էսիսթ):
Նշենք, որ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն առաջինը պիտի սկսի Տինամոյի «Ռոքլենտ Արենա» մարզադաշտէն:


