Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Տիգրան Բարսեղեան նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Սլովան Պրաթիսլաւայի հետ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Սլովաքիոյ ախոյեան:
Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սլովան, որ Տուքլայի դաշտին մէջ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ ապահովեց տարեշրջանի իր 69-րդ կէտը, անհասանելի դարձաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Տունաժսքա Սթրետայի համար, որ ունի 64 կէտ:
Բարսեղեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 82-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Ընթացիկ տարեշրջանին հայրենի ֆութպոլիստը իր կազմին հետ 41 մրցումի ընթացքին նշանակեց 8 կոլ եւ կատարեց 4 էսիսթ:
Նշենք, որ այսպիսով, Սլովան 13-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:


