Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Յետընտրական Ցնցումներու Տեսութիւնը

May 13, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ կիրակի տեղի ունենալիք համապետական ընտրութիւնները ամէնէն անկանխատեսելին են թերեւս Թուրքիոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ: Բեւեռացած է հասարակութիւնը, եւ ամբողջ լուսարձակները կեդրոնացած են գործող նախագահին հեռանալո՞ւ, թէ՞ մնալու հաւանականութիւններուն վրայ:

Թուրքիան աշխարհին կը ներկայանայ ընտրական մշակոյթի ժողովրդավարական դիմագիծով, երկրորդ փուլի կայացման հաւանականութիւնը բարձր ցուցադրելով եւ գործող իշխանութեան վերընտրուելու  եւ այդ առաջադրանքով դիրքերը չարաշահելու տեսութիւնը փորձել հեռացնելով:

Ժողովրդավար այս շղարշը անշուշտ իրողական պատկերը չէ: Կայ խորքային պետութիւնը, եւ մանաւանդ ռազմական ղեկավարութիւնը, որ յատկապէս 2016-ի զինուորական յեղաշրջումի անյաջող փորձէն ետք իշխանութիւն փոխել-ձեւաւորելու իր գործառոյթներէն հեռու է:

Այս անկանխատեսելիութիւնը աւելի կը շեշտուի, երբ չեն հրապարակուիր ընտրական հարցախոյզերուն արդիւնքները: Օրէնքով իսկ կ՛արգիլուին: Որքան ալ քաղաքականացուին այդ հարցախոյզերը, այնուամենայնիւ որոշ պատկերացում կը փոխանցեն որեւէ ընտրութեան ապահովելիք արդիւնքներուն առումով:

Միջազգային մամուլը ողողուած է երկու թեկնածուներուն  նախընտրական աշխատանքները, անոնց ապահոված ընտրազանգուածին բաղադրութիւններուն եւ իւրաքանչիւրի ընտրուելու պարագային Թուրքիոյ ներքին արտաքին քաղաքականութիւններու արձանագրելիք փոփոխութիւններուն մասին վերլուծումներով:

Մեր խնդիրը տեսնելն է այն հաւանական ազդեցութիւնները, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի պիտի գործեն Հայաստանի եւ հայութեան հետ կապուած խնդիրներուն վրայ:

Ազրպէյճանը շատ շեշտակիօրէն իր անհանգստութիւնը յայտնեց ընդդիմադիր թեկնածուի ընտրութեան հաւանականութեան պարագային: Անկախ անկէ, որ Թուրքիա-Ազրպէյճան «մէկ ազգ երկու պետութիւն» բանաձեւը ոչ միայն մշակուած ու հայեցակարգուած է Էրտողան-Ալիեւով, ոչ միայն Շուշիի հռչակագիրով Թուրքիան եւ կրտսեր եղբայրը յանձնառութիւն ստանձնած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերը համակարգելու, այլ մանաւանդ Անգարայի հովանաւորութեամբ եւ գործօն մասնակցութեամբ պայմանաւորուած   էին Արցախի 44-օրեայ պատերազմի արդիւնքները: Այս բոլորը Էրտողան-Ալիեւով մարմնաւորուած դաշինքին արդիւնքներն էին:

Հիմա Քըլըչտարօղլուն կը հրապարակէ մետաքսէ ճանապարհային նախագիծ, ուր շրջանցուած է Ազրպէյճանը: Նկատի չէ առնուած «զանգեզուրեան միջանք»-ը: Մետաքսէ ճանապարհը կառուցուած է Իրանով, որուն հետ լարուած յարաբերութիւններ ունի Պաքուն:

Պատահական չէ սակայն արեւմտամէտ յայտարարութիւններ կատարող ընդդիմադիր թեկնածուին այս նախագիծի հրապարակումը: Իրանի գործօնի առանցքայնացումը թուրք գործիչին կողմէ համահունչ է Միացեալ Նահանգներ-Իրան, թէկուզ դանդաղ, այնուամենայնիւ համագործակցութեան նոր միտումներ ենթադրող յարաբերութիւններու հաստատման: Պատահական չէ, որ Արեւմուտքի լուռ թոյլտուութեամբ Իրան կը բարձրաձայնէ նաեւ Պարսից ծոց-Սեւ Ծով ցամաքային կամուրջի տարանցիկ ճանապարհներու հարթման գործնական փուլի անցումին մասին:

Ինչ ալ ըլլան արդիւնքները Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն, կը սպասուին յետընտրական ցնցումներ: Ժողովրդավար նախընտրական մթնոլորտը կրնայ շատ արագ վերանալ, երբ չընտրուող կողմը չընդունի ընտրութեան արդիւնքները:

Տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող Թուրքիան յաւելեալ ցնցումներ ապրած է երկրաշարժով: Երկրաշարժի հետեւանքներու արագ յաղթահարումը կ՛ենթադրէր նոր ներդրումներ: Այդ նոր ներդրումները առաւելաբար կը սպասուէին Միացեալ Նահանգներէն: Յաղթահարումի միջոցներու տրամադրումը կրնար օգնել գործող նախագահի վարկանիշի բարձրացումին: Այս տեսութիւնը ենթադրել կրնայ տալ, որ Ուաշինկթընը անհրաժեշտ աջակցութիւնը չէ ցուցաբերած Էրտողանին: Յամենայն դէպս կառավարելի Թուրքիա մը մի՛շտ առաջադրուածն է Միացեալ Նահանգներու կողմէ:

Ինչ ալ ըլլան արդիւնքները, կառավարելի Թուրքիան միեւնոյն ինքնուրոյնութեամբ պիտի չկարենայ համագործակցիլ իր այսօրուան գործընկերներուն հետ: Խաղաթուղթերու վերաբաշխումը չէ բացառուած նաեւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ:

Խորքային պետութեան օրակարգերը դիւրին չեն փոխուիր. կը փոխուին այդ օրակարգերու առաջնահերթութիւնները եւ իրականացման միջոցները: Այդ փոփոխութիւնները կրնան զգացուիլ Կովկասի մէջ. ընդ որում: Արցախի հարցի թէ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացի առումներով:

«Ա.»

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ Պայրամով-Միրզոյեան Հանդիպումը 19 Մայիսին` «Եթէ Որեւէ Փոփոխութիւն Չըլլայ»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 109-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.