Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան Դպրեվանքի Սաները Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

March 20, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 24 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւններ:

Արարողութիւններուն ներկայ էին դպրեվանքի սաները, ինչպէս նաեւ դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանն ու երկու հսկիչ վարդապետները:

Ժամերգութիւններու աւարտին սրտի խօսք փոխանցեց Նարեկ արքեպիսկոպոսը: Ան անդրադարձաւ դպրեվանքի առաքելութեան` շեշտելով, որ հոն կը ջամբուի առողջ եւ հայեցի դաստիարակութիւն: Նարեկ արք. Ալեէմեզեան յորդորեց ներկաները` իրենց զաւակները վստահելու դպրեվանքին, որովհետեւ հոն կը կերտուի անոնց փայլուն ապագան: Այնուհետեւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց Զոհրապ սրկ. Աշըգեան: Ան մէջբերում մը կատարեց «Հաւատով խոստովանիմ»-ի «Տեսող յամենայնի…» հատուածէն եւ անդրադարձաւ քառասնորդաց պահեցողութեան խորհուրդին, նաեւ` աղօթքի եւ ծոմապահութեան անհրաժեշտութեան մեր կեանքին մէջ` շեշտելով, որ ժամանակաշրջանը առիթ է, որ գիտակցինք մեր ըրած սխալներուն եւ սրբագրեցնք զանոնք: Ժամերգութեան աւարտին, դպրեվանքի սաները եկեղեցւոյ սրահին մէջ ճաշակեցին Տիկնանց յանձնախումբին պատրաստած ընթրիքը:

Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Աւագ սարկաւագ Տօնիկեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք դպրեվաքի սաներուն եւ տեսուչին` հաստատեց դպրեվանքի ունեցած դերակատարութիւնը գաղութին մէջ եւ բարձր գնահատեց հոն տարուած աշխատանքը, որ հպարտութիւն եւ վստահութիւն կը ներշնչէ հայ ժողովուրդին:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նարեկ արք. Ալեէմեզեանին, որ ընդառաջած էր թաղականութեան հրաւէրին:

Իր կարգին Նարեկ արք. Ալեէմեզեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց դասին` իրենց սիրալիր ընդունելութեան համար:

ՆՈՐԱՅՐ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ

Նախորդը

Մամլոյ Սենտիքայի Նախագահը Կը Շնորհաւորէ Աղպաշեանը

Յաջորդը

Լիբանանի ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան Ա. Համագումար (Զալքա, 10-11 Մարտ 2012)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.