Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է. «2-10 մայիս 2023-ին Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ 10 գիւղեր հիմնադրած եմ»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«2 մայիսէն մինչեւ օրս Ղարաբաղ եւ Արեւելեան Զանգեզուր եղած եմ: Այս ընթացքին բազմաթիւ քայլեր իրականացուած են, մասնաւորաբար` 10 գիւղերու հիմեր դրուած են եւ շարք մը այլ բաներու սկիզբ, եւ այս օրերուն ես տեսած եմ, թէ Ղարաբաղն ու Արեւելեան Զանգեզուրը ինչպէ՛ս կը վերածնին», իր հօր` Հայտար Ալիեւի ծննդեան 100-ամեակին առիթով իր ուղերձին մէջ ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Ան նաեւ նշած է. «Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ ներկայիս կը կառուցուին եւ կը վերականգնուին ճամբաներ, կամուրջներ, փապուղիներ, ելեկտրակայաններ, ջրամբարներ, ելեկտրահաղորդման գիծեր, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, բնակելի շէնքեր եւ մզկիթներ»:
«Մեծ ղեկավար Հայտար Ալիեւի մեծագոյն երազանքը Շուշան (Շուշին, «Ա.»), Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը ազատ տեսնելն էր», յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ:


