Ֆրանսայի խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը, որով երկրի կառավարութեան եւ Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ ռուսական «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութիւնը ներառելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Բանաձեւը պարտադիր ուժ չունի, սակայն, կ՛արտացոլացնէ ֆրանսական բոլոր քաղաքական ուժերու այս հարցին մէջ միասնականութիւնը:
«Վակներ»-ն ու անոր ղեկավար Եւկենի Փրոկոժինը արդէն յայտնուած են արեւմտեան երկիրներու տարբեր պատժամիջոցներու ցուցակներուն վրայ:
«Վակներ»-ի` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու Եւրոպական Միութեան ցանկին վրայ ընդգրկման համար նախապէս քուէարկած էին Լիթուանիոյ եւ Էսթոնիոյ խորհրդարանները:
Բրիտանիան նոյնպէս «Վակներ»-ը պաշտօնապէս պիտի ներառէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ: Ըստ բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթին, ատոր նպատակը Ռուսիոյ վրայ ճնշումը աւելցնել է: Ըստ օրաթերթի Բրիտանիոյ խորհրդարանի աղբիւրին, այս որոշումը ընդունուած է նման քայլի իրաւական հիմնաւորման վրայ երկու ամիս աշխատելէ ետք. կազմակերպութիւնը այդ ցանկին վրայ ներառելը «անխուսափելի է» եւ կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին:
«Թայմզ» կը նշէ, որ «Վակներ»-ին անդամակցութիւնը, ատոր ժողովներուն մասնակցութիւնը, ընկերութեան խորհրդանիշերը կրելը եւ որեւէ աջակցութիւն Բրիտանիոյ մէջ քրէական յանցագործութիւն պիտի նկատուի: «Վակներ»-ը նաեւ ելեւմտական պատժամիջոցներու պիտի ենթարկուի, ընկերութիւնը պիտի չկարենայ բրիտանական դրամատուներու միջոցով գումար ստանալ:


