Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անասնագիտական. Շատ Փոքր Սարդերը Ունին Մեծ Ուղեղներ, Որոնք Կրնան Հասնիլ Մինչեւ Իրենց Ոտքերուն…

March 20, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունուարի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ շատ փոքր սարդերը ունին հսկայ ուղեղներ: Նշեալ սարդերուն ուղեղը յաճախ այնքա՛ն մեծ եղած է, որ անիկա տարածուած է անոնց մարմնին խոռոչներուն մէջ` հասնելով մինչեւ ոտքերը:

Նման երեւոյթ մը կրնայ որոշ չափով բացատրել, թէ ինչո՞ւ շատ փոքր սարդերը (ոմանք` նուազ քան մէկ միլլիմեթր լայնքով) կարողութիւն ունին ոստայն հիւսելու, այնքան, որքան մեծ սարդերը:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Պիլ Էպըրհարտ ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը նկատի ունեցած են ինը տեսակի սարդեր, որոնք պատկանած են ոստայն հիւսող սարդերու վեց ընտանիքներու: Այսուհանդերձ, մասնագէտները գտած են, թէ որքան փոքր եղած են սարդերը, այնքան մեծ եղած է իրենց ուղեղին չափը` համեմատաբար իրենց մարմնին չափին:

Կարգ մը սարդերու պարագային, անոնց կեդրոնական ջղային համակարգը գրաւած է անոնց մարմնին աւելի քան ութսուն առ հարիւր համեմատութիւնը` յաճախ նոյնիսկ հասնելով անոնց ոտքերուն:

Ինչ կը վերաբերի մեծ ուղեղ ունեցող նորածին սարդերուն, ապա անոնց մարմինը կ՛ուռի սկզբնական հանգրուանին, որպէսզի կարենայ իր մէջ պահել մեծ ուղեղը, մինչեւ որ անոնք չափահաաս դառնան եւ իրենց մարմինը բաւարար աճելով` իր տարբեր խոռոչներուն եւ նոյնիսկ ոտքերուն մէջ կարենայ պահել ուղեղը:

Ոստայն Չհիւսող Սարդերը Եւս
Ունին
Մեծ Ուղեղներ…

Մասնագէտ Էպըրհարտ հաւանական գտած է, թէ շատ փոքր սարդերուն ուղեղին մարմնին մեծ մասին մէջ տարածուիլը կրնայ պատճառ դառնալ անոնց մարմնի տարբեր օրկաններուն անբաւարար աճին, սակայն նման երեւոյթ մը ցարդ կը մնայ քննարկելի:

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտները գտած են, թէ ցատկող չափահաս սարդերուն մարսողական համակարգը եղած է անոնց գլխալանջին մէջ: Սակայն նշեալ սարդերուն նորածիններուն պարագային, անոնց ուղեղը գրաւած է գրեթէ ամբողջ գլխալանջը եւ անոնք համեմատաբար նուազ զարգացած մարսողական համակարգ մը ունեցած են:

Մասնագէտները նշած են, թէ սարդերը մեծ ուղեղներ ունեցած են, շատ հաւանաբար որպէսզի կարենան ոստայն հիւսել` նկատի ունենալով, որ անիկա բարդ գործընթաց մըն է:

Միւս կողմէ, սակայն, գոյութիւն ունին կարգ մը տեսակի սարդեր, որոնք թէեւ կորսնցուցած են ոստայն հիւսելու իրենց կարողութիւնը, սակայն ունին մեծ ուղեղներ: Նաեւ նշեալ սարդերը սովորութիւն ունին այլ սարդերէ որս գողնալու:

Մասնագէտ Էպըրհարտ բացատրած է, թէ գողութիւն ընելը եւս կ՛ենթադրէ որոշ ճարպիկութիւն ու սրամտութիւն. հետեւաբար ոստայն չհիւսող այդ սարդերուն ուղեղը գրեթէ ոստայն հիւսող սարդերուն ուղեղին չափ եղած է, շատ հաւանաբար որպէսզի ծառայէ անոնց անտեսանելի կերպով գողնալու գործընթացին:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ եւ «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.)

Նախորդը

Անասնագիտական. Փշոտ, Թունաւոր Նոր Տեսակի Ծովային Օձեր` Հիւսիսային Աւստրալիոյ Քարփենթարիա Ծոցին Ջուրերուն Մէջ

Յաջորդը

Ազրպէյճան. Կուպայի Ցոյցին Պատասխանը` Պաքուի Մէջ Քաղաքական Հերթափոխութեան Աւետո՞ւմ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.