Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Բաչքով, որ մրցեցաւ քոլոմպիացի Խոսէ Մանուէլ Վիաֆարայի դէմ (63,5 քկ), արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, այսպիսով Հայաստանին ապահովելով նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը:
Իր կարգին, կիսաւարտականին իր տոմսը ապահովեց Նարեկ Մանասեան (92 քկ), որ քառորդ աւարտականին 4-0 արդիւնքով յաղթեց սպանացի Էմանուէլ Ռեյեսին:
Սակայն Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան (86 քկ), չկրցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր վրացի մրցակիցէն` Կէորկի Քուշիթաշվիլիէն:


