Մարտի սկիզբը խումբ մը ծովային անասնագէտներ հիւսիսային Աւստրալիոյ Արաֆուրա ծովուն Քարփենթարիա ծոցին ջուրերուն մէջէն յայտնաբերած են նոր տեսակի թունաւոր ծովային օձեր, որոնց ամբողջ մարմինը հետաքրքրականօրէն փուշով ծածկուած է:
Մասնագէտները նշեալ տեսակի օձերէն ինը հատ բռնած են Քարփենթարիա ծոցին ջուրերուն մակերեսը ծածկող ծովասէզերու խաւերուն վրայէն յածանաւով անցած ատեն:
Ծանօթ է արդէն, թէ կարգ մը տեսակի ծովային օձեր իրենց փորին վրայ կը կրեն փուշեր, սակայն առաջին անգամն է, որ անասնագէտներ ամբողջութեամբ փուշով ծածկուած ծովային օձերու կը հանդիպին:
Նշեալ օձերուն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող մասնագէտ Քանիշքա Ուքուելան յայտնած է, թէ այդ օձերը կ՛ապրին գլխաւորաբար ծովուն յատակը եղող ժայռերուն մէջ: Այսուհանդերձ, նման միջավայրի մը մէջ ապրիլը կրնայ որոշ չափով բացատրել, թէ ինչո՞ւ անոնց մարմինը ամբողջութեամբ փուշով ծածկուած է:
Սակայն այդ ժայռերուն մէջ կ՛ապրին նաեւ ձուկեր, որոնց մարմինը ծածկուած է միայն թեփերով եւ որեւէ փշանման սրածայր կերտուածք չէ նկատուած անոնց մօտ: Հետեւաբար մասնագէտները ըսած են, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ճիշդ ի՞նչ բանի կը ծառայեն այդ օձերուն փուշերը` նկատի ունենալով, որ անոնք առանց այդ փուշերուն ալ կարողութիւն ունին ձուկեր եւ կամ որեւէ ծովային անասուն որսալու ու ուտելու` օգտագործելով իրենց թունաւորելու ու որսը խեղդամահ ընելու կարողութիւնները:
Մի՛շտ Յարձակողական Դիրքի Մէջ
Մասնագէտ Ուքուելան նշած է, թէ ամբողջութեամբ փուշով ծածկուած մարմին ունեցող ծովային օձերուն թիւը մեծ չէ եղած. նաեւ ձկնորսներ հազուադէպօրէն հանդիպած են անոնց` նկատի ունենալով, որ անոնք ապրած են այնպիսի՛ միջավայրերու մէջ, որոնք արդէն իսկ վտանգաւոր նկատուած են ձկնորսներուն կողմէ եւ, հետեւաբար, այս վերջինները ընդհանրապէս հեռու մնացած են այդ միջավայրերէն:
Պէտք է նշել, թէ Աւստրալիոյ ծովերուն մէջ ապրող տարբեր տեսակի օձեր ընդհանրապէս կը յայտնուին ջուրերուն մակերեսին եւ յաճախադէպօրէն կը բռնուին ձկնորսներուն վարմուռկաններուն մէջ:
Մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ ամբողջութեամբ փուշով ծածկուած այդ օձերը գրեթէ բոլոր ծովային օձերուն նման կը ծննդաբերեն իրենց ձագերը եւ ո՛չ թէ ձուեր կ՛ածեն: Սակայն ցարդ կարելի չէ եղած յաւելեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգել անոնց ապրելակերպին մասին` նկատի ունենալով, որ անոնք թունաւոր են, ինչպէս նաեւ միշտ յարձակողական դիրքի մէջ են, նոյնիսկ երբ անմիջական վտանգ չի սպառնար անոնց:
Մասնագէտները նշած են նաեւ, թէ անոնց ապրած միջավայրը հարուստ է ցուլերու նմանող շատ հսկայ շանաձուկերով ու աղի ջուրի կոկորդիլոսներով, ինչպէս նաեւ` թունաւոր արկղաձեւ ծովամայրերով. հետեւաբար կարելի չէ սուզուիլ նման միջավայրի մը ջուրերուն մէջ:
Մասնագէտները հետամուտ են անդամահատելու իրենց բռնած փշոտ օձերէն մէկ քանին` ուսումնասիրելու համար անոնց մարմնին կենսաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ` փուշերուն կերտուածքն ու բաղկացուցիչները:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(Օգտագործուած աղբիւրներ`
ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ եւ «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.)


