Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անասնագիտական. Թէ Ինչո՞ւ Մութ Կապոյտ Գոյնի Բերան Ունեցող Օձերը Աշխարհի Ամէնէն Մահացու Տեսակի Օձերը Նկատուած Են

March 20, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փետրուարի վերջաւորութեան ամերիկացի խումբ մը անասնագէտներ օձերու վրայ իրենց կատարած ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ գտած են, թէ հարաւային ու արեւելեան Ափրիկէի ժայռոտ բլուրներուն ու արօտավայրերուն մէջ ապրող սեւ մամպա կոչուած օձերը աշխարհի ամէնէն մահացուներն են:

Նշեալ օձերը միջին հաշուով կ՛ապրին աւելի քան տասնմէկ տարի: Անոնց երկայնքը կը հասնի մինչեւ 4,5 մեթրի, սական անոնց միջին երկայնքը 2,5 մեթր է, իսկ ծանրութիւնը կը հասնի մինչեւ 1,6 քիլոկրամի:

Սեւ մամպաները դասուած են աշխարհի ամէնէն արագաշարժ օձերու շարքին. այսուհանդերձ, անոնք կը սողան ժամական մինչեւ քսան քիլոմեթր: Նաեւ անոնք Ափրիկէի ամէնէն երկար թունաւոր օձերը նկատուած են:

Մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ նշեալ օձերը արագաշարժ ըլլալու իրենց յատկութիւնը կը գործածեն իրենց սպառնացող վտանգներէն փախչելու համար եւ ո՛չ թէ` անպայմանօրէն իրենց որսը հալածելու համար:

Սեւ մամպաներուն մորթը ընդհանրապէս ձիթագոյն եւ կամ մոխրագոյն է, սակայն անոնք այդպէս կոչուած են իրենց բերնին ստացած մութ կապոյտ գոյնին համար: Անոնց բերանը ընդհանրապէս սովորական բերնի գոյն կ՛ունենայ, սակայն անիկա հետաքրքրականօրէն մութ կապոյտ գոյնի կը վերածուի ամէն անգամ որ վտանգ մը կը սպառնայ իրենց:

Ամչկոտ Օձե՞ր…

Մասնագէտները բացատրած են, թէ սեւ մամպաները ամչկոտ են եւ գրեթէ միշտ կը խուսափին իրենց հակառակորդին դէմ ճակատելէ: Սակայն, երբ անխուսափելի կը դառնայ ճակատումը, ապա անոնք յարձակողական դիրք կը բռնեն: Այսուհանդերձ, անոնք գետնէն վեր կը բարձրացնեն իրենց գլուխը (յաճախ մարմնին քառորդը գետնէն վեր կը բարձրանայ) ու ապա կը տարածեն իրենց վիզը եւ մութ կապոյտ գոյնի վերածուած բերանը բանալով` կը սուլեն:

Երբ հակառակորդը շարունակէ յամառիլ ու յարձակողի դիրքին մէջ մնալ, ապա սեւ մամպան կը յարձակի ու ետեւ ետեւի կը հարուածէ անոր` իւրաքանչիւր հարուածի հետ մեծ քանակութեամբ թոյն ներարկելով անոր մարմնին մէջ:

Սեւ մամպաները կ՛արտադրեն երկու տեսակի թոյներ. անոնցմէ մէկը կը վնասէ սրտին, իսկ միւսը` ջիղերուն: Նշեալ թոյները հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ մահացու են: Այսուհանդերձ, սեւ մամպայէն խայթուած մէկը կը մահանայ ընդամէնը քսան վայրկեանի մէջ:

Թէեւ մասնագէտներ կրցած են պատրաստել սեւ մամպային թոյնին յատուկ հակաթոյնը, սակայն, դժբախտաբար, ցարդ անիկա բաւարար քանակութեամբ մատչելի չէ եղած Ափրիկէի մէջ մեծ թիւով սեւ մամպաներով շրջապատուած միջավայրերու մէջ ապրող մարդոց եւ, հետեւաբար, նշեալ օձերուն պատճառով մահացողներուն թիւը շարունակ բարձր մնացած է:

Թէեւ սեւ մամպաները սովորաբար կը խուսափին հակառակորդին դէմ ճակատելէ, սակայն երբ իրենց ապրած միջավայրին մէջ անասուններուն ու մարդոց միջեւ եւ կամ անոնցմէ իւրաքանչիւրին միջեւ ոտնձգութիւններ պատահին, ապա այս վերջինները ուշագրաւ կերպով կ՛ազդեն իրենց վրայ եւ կը մղեն, որ անոնք յաճախակիօրէն յարձակողական դիրքի մէջ ըլլան ու վնասեն մեծ թիւով մարդոց:

Սեւ մամպաները դասուած են նաեւ ափրիկեան առասպելական օձերուն շարքին` իրենց ունեցած արտասովոր կարողութիւններուն համար:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ եւ «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.)

 

Նախորդը

Անասնագիտական. Հարաւային Ափրիկէի Մէջ Շատ Հազուադէպ Երեւոյթ` Ծնունդը Վարդագոյն Փիղի Մը

Յաջորդը

Անասնագիտական. Փշոտ, Թունաւոր Նոր Տեսակի Ծովային Օձեր` Հիւսիսային Աւստրալիոյ Քարփենթարիա Ծոցին Ջուրերուն Մէջ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.