Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անասնագիտական. Հարաւային Ափրիկէի Մէջ Շատ Հազուադէպ Երեւոյթ` Ծնունդը Վարդագոյն Փիղի Մը

March 20, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս հարաւային Ափրիկէի Պոսթուանա քաղաքին արօտավայրերէն մէկուն մէջ տարբեր անասուններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներ մօտաւորապէս ութսուն փիղերէ բաղկացած խումբ մը տեսախցիկներով նկարած ատեն անոնց մէջ նկատած են նորածին վարդագոյն փիղ մը:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ նշեալ փիղը լսնամորթ (ալպայնօ) է, ինչ որ շատ հազուադէպ երեւոյթ մըն է ափրիկեան փիղերուն պարագային:

Լսնամորթութիւնը բնածին հիւանդութիւն մըն է, որ յատկանշուած է աչքին, մազերուն ու մորթին գոյն տուող մելանին կոչուած նիւթին ամբողջական եւ կամ մասնակի բացակայութեամբ: Նշեալ նիւթին արտադրութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի յատուկ բնախմոր մը, որուն բացակայութիւնը եւ կամ թերի կերտուածք ունենալը պատճառ կը դառնան, որ երբեք մելանին չարտադրուի եւ կամ շատ աննշան տարողութեամբ արտադրուի:

Լսնամորթութիւնը կը յառաջանայ ողնայարաւոր անասուններուն ու մարդոց մօտ: Այսուհանդերձ, նշեալ հիւանդութեամբ ծնած մարդիկ եւ կամ անասուններ կ՛ունենան տեսողութեան հետ առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ շատ աւելի հակամէտ կ՛ըլլան մորթի քաղցկեղէ տառապելու վտանգին` նկատի ունենալով, որ մելանինը կը պաշտպանէ մորթը արեւուն անդրմանիշակագոյն ճառագայթներուն թափանցումէն, որոնք ծանօթ են իբրեւ մորթին վնասակար եղող ճառագայթներ: Հետեւաբար մելանինին բացակայութեան եւ կամ անբաւարար տարողութեան` շատ աւելի դիւրաւ կը վնասուի:

Ինչ կը վերաբերի տեսողութեան, ապա մելանինը կարեւոր բաղկացուցիչ մըն է տեսողութեան համակարգի զարգացման եւ անոր բացակայութեան աչքերուն մէջ արեւուն վնասակար ճառագայթներուն թափանցումը եւ կամ մեծ տարողութեամբ լոյսի թափանցումը տարբեր տեսակի տեսողութեան հարցեր կը յառաջացնեն մարդոց ու անասուններուն մօտ, նոյնիսկ կրնան կուրցնել զանոնք:

Աննախընթաց Երեւոյթ

Մասնագէտներուն կարծիքով, վարդագոյն փիղը դժուար թէ կարենայ երկար ապրիլ Ափրիկէի նման կիզիչ արեւ ունեցող վայրի մը մէջ` նկատի ունենալով, որ արեւուն ճառագայթները կրնան կուրցնել զինք, ինչպէս նաեւ` մորթային հիւանդութիւններ յառաջացնել անոր մօտ:

Մասնագէտները ըսած են, թէ լսնամորթ փիղերը ընդհանրապէս սպիտակ չեն ըլլար, այլ անոնց մորթը վարդագոյն եւ կամ կարմրկեկ սրճագոյն կ՛ըլլայ` որոշ չափով ազդուելով մորթին տակ շրջագայող արեան ու մազերակներուն գոյնէն:

Մասնագէտները նշած են, թէ լսնամորթութիւնը շատ աւելի յաճախակիօրէն յայտնուող երեւոյթ է Ասիոյ մէջ ապրող փիղերուն մօտ, քան` Ափրիկէի տարբեր երկիրներուն մէջ ապրող փիղերուն մօտ:

Իրենց միջավայրին հետ օրկանական տարբեր մարմիններու ունեցած փոխյարաբերութիւնները ուսումնասիրող մասնագէտ տոքթ. Մայք Չէյս ըսած է, թէ նախապէս հարաւային Ափրիկէի կենդանաբանական պարտէզներէն մէկուն մէջ տեսած է երեք լսնամորթ փիղեր, որոնք տեղադրուած են նուազագոյն տարողութեամբ լուսաւոր եղող վանդակներու մէջ եւ մասնագէտներու հսկողութեան տակ պահուած են: Սակայն ան աննախընթաց երեւոյթ մը նկատած է վերջերս Պոսթուանայի արօտավայրերէն մէկուն մէջէն անցնող փիղերու խումբին մէջ լսնամորթ փիղին յայտնուիլը` նկատի ունենալով, որ մասնագէտներ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր ներկայութիւն են նշեալ շրջանին մէջ եւ որեւէ ատեն չեն հանդիպած նման փիղերու:

Իրենք Զիրենք Տարբեր Միջավայրերու
Ծանր Պայմաններուն Պատշաճեցնող Փիղերը

Թէեւ տոքթ. Չէյս եւս հաւանական գտած է, թէ այդ լսնամորթ փիղը չկարենայ երկար ատեն դիմանալ Ափրիկէի կիզիչ արեւուն ազդեցութեան, միւս կողմէ, սակայն, ան նշած է, թէ փիղերը իրենք զիրենք առաւելագոյն չափով պատշաճեցնող են իրենց միջավայրին ստեղծած ծանր պայմաններուն: Հետեւաբար փիղերուն ունեցած նշեալ կարողութիւնը կրնայ նպաստել, որպէսզի լսնամորթ փիղը եւս կարենայ ինքզինք պատշաճեցնել իր միջավայրին ստեղծած ծանր պայմաններուն (այս պարագային` կիզիչ արեւուն):

Մասնագէտները արդէն իսկ նկատած են, թէ 2-3 ամսու եղող վարդագոյն փիղը ինքզինք իր մօր շուքին տակ պահած է արօտավայրէն անցած ատեն, որպէսզի առաւելագոյն չափով պաշտպանուած մնայ արեւէն:

Մասնագէտները կը նախատեսեն, թէ անիկա ցերեկը ինքզինք պահէ հսկայ ծառերու շուքին տակ, ինչպէս նաեւ ինքզինք յաճախ մխրճէ թանձր ցեխի մէջ, որպէսզի իր մորթը առաւելագոյն չափով պաշտպանէ արեւուն ճառագայթներէն:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ եւ «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.)

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 20 մարտ 1962 )

Յաջորդը

Անասնագիտական. Թէ Ինչո՞ւ Մութ Կապոյտ Գոյնի Բերան Ունեցող Օձերը Աշխարհի Ամէնէն Մահացու Տեսակի Օձերը Նկատուած Են

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.