Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 20 մարտ 1962 )

March 20, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոչ

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ
Ծխականներուն

Սիրելի՛ ծխականներ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ,

Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին յարգելի անդամներուն եւ Եկեղեցասէր Տիկնանց միութեան վարչութեան տիկիններուն հետ համախորհուրդ, որոշեցինք շքեղօրէն բարեզարդել Ձեր քրիստոնէական սուրբ հաւատքին եւ ազգային գոյատեւման անառիկ բերդը` Ս. Նշան եկեղեցին:

Բարեզարդման մաս պիտի կազմեն հետեւեալ աշխատանքները.

1.- Կանոնաւորել եկեղեցւոյ ձայնահնչութիւնը (աքուսթիք) եւ առաջքը առնել խժալուր արձագանգին:
2.- Օժտել եկեղեցին տէրունական եւ սրբոց իւղաներկ ընտիր պատկերներով:
3.- Մութ գոյնի վրայ իւղաներկել եկեղեցւոյ ներքին մասը:
4.- Ջրաներկել (պատանա) եկեղեցւոյ արտաքին մասը:
5.- Լուսազարդել եկեղեցին` գեղեցիկ ջահերով:

Մեր առաջադրած վերոյիշեալ աշխատանքները մի առ մի քննուեցան յաջորդական հինգ խառն նիստերու ընթացքին` ի ներկայութեան, թէ այս բոլորին լրիւ կատարման համար անհրաժեշտօրէն կարիքը պիտի ունենանք շուրջ 40 հազար լիբանանեան ոսկիի:

Այս առթիւ, սիրելի՛ ծխականներ, մեզի համար քաղցր եւ սրտագին պարտականութիւն կը նկատենք ուղղելու Ձեզի մեր հայրական խօսքը եւ յիշեցնելու Ձեզի Ձեր անզանցառելի մէկ պարտականութիւնը Ձեր Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ հանդէպ:

Մենք յաճախ առիթը ունեցած ենք այցելելու Ձեր տուները եւ սրտագին գոհունակութեամբ ու մեծ ուրախութեամբ նկատած ենք անոնց գեղեցկօրէն ու վայելչօրէն յարդարումն ու զարդարումը ծանրագին գորգերով ու շքեղ կահ կարասիներով. այս բոլորը հպարտութեամբ կը լեցնեն մեր սրտերը եւ ցոյց կու տան, որ Դուք այլեւս գաղթական ու կիսաքաղց հայերը չէք, որ Դուք շնորհիւ Ձեր ցեղային ուշիմութեան ու ձեռներէց ոգիին, վերականգնած էք Ձեր քանդուած տուները եւ արդար շահու ու վաստակի տէր դարձած:

Եւ երբ Ձեր տուները այսքան ճոխութեամբ ու վայելչութեամբ զարդարելու նախանձախնդիր էք եղած, հապա որքա՜ն նախանձախնդիր ըլլալու էք Ձեր Հոգեւոր տան, Ձեր հաւատքի ու աղօթքի տան բարեզարդման ու պայծառացման համար:

Գիտէք, հաւատացեալ ծխականներ, որ մեր պատմութեան ամէնէն գեղեցիկ երեւոյթներէն մէկը մեր ժողովուրդի եկեղեցաշինութեան առաքինութիւնն է` որպէս հայու նկարագրի անխորտակելի յատկանիշ: Եկեղեցիները կործանեցան մեր աշխարհին մէջ: Տաճարները աւերակուեցան եւ անշքացան ուժգին հարուածներու տակ: Բայց անխորտակելի մնաց հայ ժողովուրդի ՆԵՐՔԻՆ ՏԱՃԱՐԸ` իր հաւատքը, որ եկեղեցաշինութեան եւ մեր տաճարներու պայծառութեան անսպառ աղբիւրը եղաւ: Մեր կառուցած ու շէնցուցած եկեղեցիները կը պատմեն հայուն փառքին մասին:

Արդ, Սիրելի՛ Ծխականներ, ի գիտութիւն այժմէն կը յայտնենք Ձեզի, թէ մասնաւոր շրջաբերական-նամակներով պիտի դիմենք Ձեզի, իւրաքանչիւրիդ առանձին-առանձին, եւ փոխան պաշտօնական ընկալագրի, Թաղականութեանս եւ Եկեղեցասէր տիկնանց միութեանս անդամները պիտի գանձեն Ձեզի համար ճշդուած գումարները որոնց չափը պիտի նշանակուի շրջաբերական-նամակներուն մէջ որպէս Ձեր մասնակցութեան բաժինը այս աստուածահաճոյ եւ ազգաշէն գործին:

Եկեղեցւոյ բարեզարդման գանձումները հազիւ սկսած, նուիրատուներու անուանացանկը եւ նուէրներու գումարները մի առ մի պիտի հրատարակուին հայ մամուլին մէջ:

Եկեղեցւոյ ձայնահնչութեան կանոնաւորման համար Մայր եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ Ամերիկեան Արմսթրոնկ Ընկերութեան միջեւ պայմանագրութիւնը ստորագրուած է եւ անհրաժեշտ նախանիւթերը ապսպրուած արդէն:

Դրամահաւաքման եւ այլ նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի լրացուին մարտ, ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն ընթացքին:

Եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքներուն պիտի ձեռնարկենք դպրոցական տարեվերջէն անմիջապէս ետք, այսինքն 1 յուլիս 1962-ին:

Սիրելի՛ ծխականներ,

Վստահ Ձեր տալու, եւ սիրո՛վ տալու առաքինութեան ու եկեղեցանուէր ազնիւ զգացումներուն, այսու կոչ կ՛ուղղենք Ձեզի` հրճուանքով եւ հոգեւոր ու ազգային պարտականութեան խոր գիտակցութեամբ Ձեր լումաները Ս. Նշանի գանձանակին մէջ այս սուրբ ու նուիրական գործին համար:

Թող բարեաց Պարգեւիչը, Տէր Յիսուս Քրիստոս, հարիւրապատիկ վարձահատոյց ըլլայ Ձեզ, ամէն:

Մնամ օրհնաձայն ողջունիւ

Աղօթարար
ԽՈՐԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՅՈՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ
ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱՐԵԶԱՐԴՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ

1 մարտ 1962, Պէյրութ

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 971 19/03/2012-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

Անասնագիտական. Հարաւային Ափրիկէի Մէջ Շատ Հազուադէպ Երեւոյթ` Ծնունդը Վարդագոյն Փիղի Մը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.