Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուորլիք. «Մինչեւ Օրս Շատ Բարդ Հարց Եղած Է Հայաստանի Կողմէ Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան Ճանաչումը, Որ Կը Նշանակէ Ընդունիլ, Որ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի Մաս Է»

May 6, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ճէյմ Ուորլիք անիրատեսական կը նկատէ այս փուլին կողմերուն միջեւ վերջնական համաձայնութիւնը: Գոյութիւն ունին բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ, ներառեալ հաղորդակցութեան, գաղթականներու, սահմաններու, բնական հարստութիւններու կառավարման եւ այլ հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:

Դեսպան Ուորլիք կարեւոր կը նկատէ յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը` շեշտելով, որ առանց կարգավիճակի խնդիրի լուծման, որ պիտի գոհացնէ կողմերը, անկարելի է հասնիլ տեւական խաղաղութեան:

«Ես չեմ խօսիր Լեռնային Ղարաբաղի համար անկախութեան մասին: Չեմ կարծեր, որ այդ հարցը դրուած է բանակցային սեղանին, յատկապէս Ազրպէյճանի տեսանկիւնէն, սակայն կրնայ ըլլալ ինքնորոշման որոշակի աստիճան, որ ընդունելի ըլլայ Պաքուի համար», ըսած է Ուորլիք:

Անոր պնդումով` մինչեւ օրս շատ բարդ հարց եղած է Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, որ կը նշանակէ ընդունիլ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս է: Այսօր Հայաստանը այդ ուղղութեամբ կը շարժի, իսկ ատիկա ինչպիսի՛ ձեւակերպում պիտի ստանայ փաստաթուղթին մէջ, տակաւին անյայտ է, կը նշէ նախկին դեսպանը:

Ըստ անոր, Պաքուն ալ պէտք է ցոյց տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պիտի ըլլայ ինքնորոշման որոշակի մակարդակ, որպէսզի ատիկա ընդունելի ըլլայ Հայաստանի համար: Ուորլիք նաեւ կարեւոր հիմնախնդիր կը նկատէ Բերձորի միջանցքի հարցը, որ պէտք է Լեռնային Ղարաբաղը կապէ Հայաստանի հետ:

«Ոչ ոք կը սպասէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը եւ այնտեղի տէ ֆաքթօ իշխանութիւնները պարզապէս հրաժարին այն ամէնէն, ինչի համար վերջին տասնամեակներուն ընթացքին պայքարած են: Կը կարծեմ, որ պէտք է որոշակի ճանաչում, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայ համայնք, եւ որ անոնք պէտք է ունենան կարգավիճակ, որուն համաձայն են Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ իշխանութիւնները», ըսած է ան:

Բանակցային հոլովոյթի մէկ այլ կարեւոր հարցերէն է, ըստ Ուորլիքի, ռուս խաղաղապահներու հարցը, որ փոխկապակցուած է Ռուսիոյ ներգրաւուածութեան հետ:

«Ռուսական միջնորդութեամբ զինադադարը կարելի չէ անտեսել, որովհետեւ ատիկա է հիմքը, ուր մենք կը գտնուինք այսօր: Արդեօք ատիկա միակ հի՞մքն է, եւ արդեօք ատիկա որեւէ ձեւով Մոսկուային կու տա՞յ առաջնորդութիւն կամ արտօնութիւն ապագայ բանակցութիւններուն մէջ: Ի հարկէ, ոչ», կը պնդէ ան:

Նախորդը

Պնաշյիի Մէջ. «Ֆրենժիէ Բոլորին Հետ Գործակցելու, Խօսելու Եւ Ըմբռնումի Յանգելու Պատրաստ Է» Շեշտեց Պու Սաապ

Յաջորդը

Քրեմլինը Չի Բացառեր Հայ-Ռուսական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ Մոսկուայի Մէջ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.