Շուէտի խորհրդարանը որդեգրեց նոր օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ ծայրայեղական խմբաւորումներու առնչուած աշխատանքները` այդպիսով ամրապնդելով ահաբեկչութեան վերաբերեալ իր օրէնսդրութիւնը: Օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ 1 յունիսին:
Շուէտի արդարադատութեան նախարար Կունար Սթրոմըր փետրուարին յայտնած էր, որ նոր օրէնքը կ՛ընդլայնէ նախկին օրէնքին կիրարկումը` նշելով, որ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը գումակային օժանդակութիւն տրամադրելը նոր օրէնքին հիմամբ յանցագործութիւն կը նկատուի:


