Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի հերքած է իր երկրի որեւէ մասնակցութիւն Քրեմլինի վրայ անօդաչու թռչող սարքով յարձակումին: «Մենք չենք յարձակիր Փութինի կամ Մոսկուայի վրայ, մենք մեր տարածքին մէջ կը կռուինք», ըսած է ան` Հելսինքիի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ուքրանիոյ նախագահական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ըսած է, որ միջադէպը ենթադրել կու տայ, որ Մոսկուան «ահաբեկչական մեծ սադրանք» կը պատրաստէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ըսած է, որ Ուաշինկթըն չի կրնար հաստատել յարձակումին մասին հաղորդագրութիւնը, եւ ռուսական պնդումները պէտք է «շատ մեծ թերահաւատութեամբ» ընդունիլ:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմը յայտնած էր, որ չորեքշաբթի գիշեր Քիեւ փորձած է երկու անօդաչու թռչող սարքերով հարուածել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի քրեմլինեան նստավայրը, սակայն անոնք վնասազերծուած են:
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց. «Այսօրուան ահաբեկչութենէն ետք այլ ընտրանքներ չեն մնացած, բացի Զելենսքիի եւ անոր շրջանակի ֆիզիքական ոչնչացումը: Նոյնիսկ անվերապահ անձնատուութեան հռչակագիրը ստորագրել պէտք չէ»:
Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Երկու անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումին մեր պատասխանը պիտի ըլլայ սերտուած ու հաւասարակշռուած»:


