Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան մէջ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը, մտադիր է յաղթանակի պարագային կարելի եղածին չափ արագ վերսկսիլ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու բանակցային հոլովոյթին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին քեմալական կուսակցութեան ղեկավարը ըսած է «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:
Քըլըչտարօղլու նշած է, որ նոյն ժամանակ Թուրքիան պիտի շարունակէ տնտեսական յարաբերութիւնները պահպանել Ռուսիոյ հետ, թէեւ ան ու իր դաշնակիցները սխալ կը նկատեն Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ իրականացուող զինուորական գործողութիւնները:
Ընդդիմութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ իր նախագահութեան նպատակն է չարտօնել Թուրքիան վերածել մենատիրական երկրի, վերականգնել ժողովրդավարական կառոյցները եւ սկսիլ լրջօրէն զբաղիլ երկրին տնտեսական խնդիրներով:
«Դատարաններու անկախութիւնը, լրատուամիջոցներու, խօսքի ազատութիւնը պէտք է վերականգնուին: Մեր առաջնահերթութիւններն են ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Թուրքիան չի կրնար Էրտողանի իշխանութեան տակ «յաւելեալ հինգ տարի կորսնցնել»:
Ընդդիմութեան միասնական թեկնածուն նշած է, որ հաւանական են խախտումները 14 մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին:
«Մենք պիտի չարտօնենք ընտրութիւնները գողնալ: Մենք չենք վստահիր Էրտողանին ու Ընտրական բարձրագոյն յանձնախումբին: Այդ պատճառով վերջին մէկ ու կէս տարին աշխատած ենք` բոլոր ընտրատեղամասերը պաշտպանելու խախտումներէն», յայտնած է Քըլըչտարօղլու:


