7-13 մայիսին Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ժիւտոյի ախոյեանութիւնը:
Ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնին նոր որոշումով, այս ախոյեանութեան կրնան մասնակցիլ այն մարզիկները, որոնք իրենց ելոյթ ունեցած դասակարգին մէջ միջազգային դասաւորման մէջ առաջին հարիւրին մէջ են:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը, 73 քկ դասակարգին մէջ, Ֆերտինանտ Կարապետեան կը գրաւէ 90-րդ դիրքը, մինչ ողիմպիական դասաւորման մէջ 143 կէտով` 76-րդ դիրքը:
Նշուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 99 երկիրներէ 667 մարզիկներ (347 տղաք եւ 320 աղջիկներ):


