Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Ահմետ Սաատունի` անոր ընտրուելուն առիթով:


