Ռուս խաղաղապահներու զօրակազմին գծով, ինչպէս նաեւ քաղաքական մակարդակով անհրաժեշտ ջանքեր կը գործադրուին Լաչինի միջանցքին շուրջ իրավիճակը կարգաւորելու եւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնութիւններու հուն վերադառնալու համար, երէկ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ան նաեւ հաւաստիացուցած է, որ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում Ռուսիոյ տարածքին մէջ կայացնելու համաձայնութիւն արդէն կայ, ժամկէտի մասին պիտի յայտարարուի աւելի ուշ:
Մեկնաբանելով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի շրջանային այցելութիւնը` Զախարովա ըսած է, որ արեւմտեան երկիրները միշտ կը յայտարարեն հայ-ազրպէյճական յարաբերութիւններու բնականոնացման իրենց մասնակցութեան մասին, սակայն, անոր համաձայն, այդ ուղղութեամբ անոնց գործունէութիւնը կառուցողական չէ:
Ըստ Զախարովայի, Ֆրանսան ձախողած է «ազնիւ միջնորդ»-ի դերին մէջ:


