Իսլանտայի արտաքին գործոց նախարար, Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի նախագահող Թորտիս Քոլպրուն Ռէյքֆիորտ Կիլֆատոթիր իսլանտական նախագահութեան անունով ԵԽԽՎ-ի գարնանային նստաշրջանին, 25 ապրիլին ուղերձ յղած է:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Դիմատետրի «Հայաստանը Եւրոպական խորհուրդին մէջ» էջը կը տեղեկացնէ, որ հարցուպատասխանի ժամանակ Իսլանտայի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին` նշելով, որ ընթացիկ մարդասիրական կացութիւնը մտահոգուելու առիթ է:
«Նախարար Թորտիս Քոլպրուն Ռէյքֆիորտ Կիլֆատոթիր նշած է, որ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը պէտք է վերականգնուի` համաձայն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կիրարկած միջանկեալ քայլերուն եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումին:
«Տիկին Կիլֆատոթիր վերահաստատած է 19 յունուարին Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի նախագահութեան անունով կատարուած յայտարարութիւնը` կրկին կոչ ուղղելով վերականգնելու Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, նախարարը յիշատակած է տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ստանձնած անդամակցութեան յանձնառութիւնը` կոչ ուղղելով հաւատարիմ մնալու այդ յանձնառութեան եւ հարցերը լուծելու երկխօսութեան միջոցով:


