Լաչինի միջանցքի սկիզբի մասին մէջ անցակէտի ստեղծումը Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան պահանջն է: Այս մասին կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան մեկնաբանութեան մէջ, որ հրապարակուած է ի պատասխան Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի այն յայտարարութեան, որ Քանատան խորապէս մտահոգուած է Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին մէջ անցակէտ տեղադրելու փաստով, եւ որ Պաքուի այս քայլը ակնյայտօրէն կը խաթարէ ամբողջ շրջանի խաղաղ հոլովոյթն ու կայունութիւնը:
«Քանատական կողմը պէտք է տեղեակ ըլլայ, որ Ազրպէյճանի կողմէ սեփական գերիշխան տարածքի սահմանին անցակէտի ստեղծումը մեր երկրի օրինական իրաւունքն է: Պաքուն այսպիսով դուրս չի գար միջազգային որեւէ արժեչափէ: Հայաստանի հետ սահմանին վրայ նոր անցակէտ ստեղծելու որոշումը տրուած է` մեկնելով Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան պահանջներէն: Քանատական կողմի յայտարարութիւնները, թէ Լաչինի ճամբան փակ է, անհիմն են, եւ նոր անցակէտը պիտի կարգաւորէ պետական սահմանային գօտիի մէջ մուտք-ելքի դրութիւնը», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Պաքուն նաեւ Օթաուային կոչ ուղղած է չօգտագործելու «Լեռնային Ղարաբաղ» եզրը` հանրապետութեան «Ղարաբաղի տնտեսական շրջան»-ին հետ կապուած:


