Ազրպէյճանական բանակը շաբաթ, 22 ապրիլին փակեց Հայաստանը Արցախին կապող Հակարիի կամուրջը, որ Բերձորի միջանցքին մէջ է` ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ: Պաքու յայտարարեց, որ տեղադրած է նոր անցակէտ, որուն մասին տեղեկացուցած է ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան եւ ռուս-թրքական հսկողութեան կեդրոնին:
Փեսքով. «Կացութիւնը Իսկապէս Դիւրին Չէ»
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով նշած է, որ 2020 թուականի նոյեմբերին Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրը այլընտրանք չունի: Մոսկուա պիտի շարունակէ նպաստել ատոր իրականացման: «Քոմերսանթ» կը գրէ, որ Փեսքով այսպէս մեկնաբանած է Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը:
«Ռուսիան կը շարունակէ իր միջնորդական ջանքերը հիմնականին մէջ նախապէս ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերու բոլոր կէտերուն կատարման առնչութեամբ: Ռուսիան պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ աշխատիլ Երեւանի եւ Պաքուի հետ: Կացութիւնը իսկապէս դիւրին չէ, անիկա լրացուցիչ ջանքեր կը պահանջէ, եւ որ ամէնէն կարեւորն է, անիկա կը պահանջէ, որ նշեալ երկիրները հասկնան, որ նշուած համաձայնութիւններու իրագործումը այլընտրանք չունի», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Տմիթրի Փեսքով:
Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը «Միակողմանի Եւ Չհամաձայնեցուած» Որակած Է Ազրպէյճանի Քայլը
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը «միակողմանի եւ չհամաձայնեցուած» որակած է Ազրպէյճանի վերջին գործողութիւնները Բերձորի միջանցքին մէջ: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական տեղեկագիրին մէջ. «22 ապրիլ 2023-ին միակողմանի եւ չհամաձայնեցուած գործողութիւններու հիմամբ ազրպէյճանական կողմը փակած է երթեւեկը Լաչինի միջանցքով` ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի թիւ 1 դիտակէտի տարածքին մէջ»:
Կը հաղորդուի, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ ազրպէյճանական կողմին հետ: Բացի ատկէ, խաղաղապահները շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կը կատարեն 30 դիտակէտի վրայ:
Ըստ հրապարակուած տեղեկագիրին, Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը նաեւ զինադադարի դրութեան խախտման դէպք արձանագրած է Մարտակերտի շրջանին մէջ:
«Վնասուածներ չկան: Փաստի առիթով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ հետաքննութիւն կը կատարէ», նշուած է տեղեկագիրին մէջ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Մարտունիի, Մարտակերտի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն կատարուած է երեք ճամբով: Գորիս-Ստեփանակերտ ճամբով ապահովուած է մարդասիրական բեռներով բեռցուած ինքնաշարժներու շարասիւնի անցումը:
Ուաշինկթըն. «Ազրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքին Մէջ Անցակէտի Տեղադրումը Կը Խաթարէ Խաղաղ Հոլովոյթի Նկատմամբ Վստահութեան Հաստատման Ջանքերը»
Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը կը խաթարէ խաղաղ հոլովոյթին նկատմամբ վստահութեան հաստատման ջանքերը: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր փոխբանբեր Վետանթ Փաթել:
«Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են, որ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը կը խաթարէ խաղաղ հոլովոյթին նկատմամբ վստահութեան հաստատման ջանքերը: Կրկին կը յայտարարենք, որ Լաչինի միջանցքին մէջ պէտք է ըլլայ մարդոց եւ առեւտրական բեռներու ազատ եւ բաց տեղաշարժ, եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք վերսկսելու խաղաղ բանակցութիւնները եւ զերծ մնալու սահմանի երկայնքով սադրանքներէ եւ թշնամական գործողութիւններէ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսա Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Կողմէ Բերձորի Միջանցքին Մէջ Անցակէտի Տեղադրումը. Ազրպէյճան Կ՛արձագանգէ
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին վրայ անցակէտ տեղադրելու վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ֆրանսան Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորաբար` կեանքի կոչելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուարի որոշումով պահանջուող միջանկեալ քայլերը, որոնք պարտադիր իրական ուժ ունին:
«Ֆրանսան կը պահանջէ վերականգնել բոլոր մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխափան ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքի երկայնքով` երկու ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ վերականգնել բնակչութեան կազի եւ ելեկտրականութեան շարունակական մատակարարումները»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ հակադարձեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա-Քլեր Լեժանտրի կատարած վերոնշեալ յայտարարութեան` նշելով. «Լեժանտրի յայտարարութիւնները, որ կը վերաբերէին Ազրպէյճանի կողմէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ անցակէտ տեղադրելուն, ամբողջովին անհիմն են: Ազրպէյճան իր գերիշխան տարածքին մէջ հսկիչ-անցագրային կէտ տեղադրելու օրինական իրաւունք ունի: Որեւէ հիմք չկայ պնդելու, թէ այդ քայլը կը հակասէ եռակողմ յայտարարութեան, որեւէ միջազգային փաստաթուղթի կէտերուն կամ ալ դատարանի որոշումին»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հակադարձեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան` պնդելով, որ Բերձորի մէջ անցակէտի տեղադրումը ամբողջովին օրինական է: «Հայաստանի հետ սահմանին վրայ հսկիչ-անցագրային կէտ տեղադրելու Ազրպէյճանի որոշումը օրինական է եւ կը համապատասխանէ միջազգային օրէնքի բոլոր արժեչափերուն: Առաւել եւս, որ Փրակայի եւ Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին Հայաստանը ինք ճանչցած է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Մեկնելով այդ հանգամանքէն, Հայաստանը պէտք է յարգէ եւ ընդունի Ազրպէյճանի` սեփական տարածք ելումուտը վերահսկելու իրաւունքը»:
Պորել. «Ազրպէյճանի Կողմէ Անցակէտի Տեղադրումը Կը Հակասէ Լարուածութիւնը Նուազեցնելու Մեր Կոչին»
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նիստէն ետք յայտնած է. «Մենք քննարկած ենք Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ միակողմանիօրէն անցակէտ տեղադրելու Ազրպէյճանի որոշումը, ինչ որ կը հակասէ լարուածութիւնը նուազեցնելու մեր կոչին: Հարցերը պէտք է լուծուին երկխօսութեան միջոցով»:
Ան կարեւոր նկատած է, որ Ազրպէյճանը հայկական կողմին հետ վստահութիւն ձեւաւորէ` իբրեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջընթացի հիմք:


