Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

April 19, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 16 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն: Պատարագը մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Օշին վրդ. Չուալերթանեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին սկիզբը հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, որ իրեն այս գեղեցիկ պարտականութիւնը յանձնած է` ներկայ գտնուելու եւ մասնակից դառնալու Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տօնին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն եկեղեցւոյ մէջ բոլոր ծառայողներուն եւ ի մասնաւորի քահանայ հայրերուն, որոնք իսկապէս ամէն զոհողութիւն յանձն առած են ու տակաւին կ՛առնեն եկեղեցւոյ պանծացման համար:

Հայր սուրբը հարց տուաւ, թէ ո՞վ է այն անձը, որ կրնայ աշխարհի սկիզբէն գոյութիւն ունենալ, եւ ո՞վ է այն անձը, որ աշխարհը ոչ թէ ինք ստեղծեց, այլ իրմով ստեղծուեցաւ, եւ բացատրեց, որ անցնող 50 օրերու ընթացքին իսկապէս մեր ֆիզիքականը յոգնեցաւ, մեր մարմինները տկարացան, պահեր եղան, երբ յուսահատութիւն ապրեցանք, պահեր եղան, երբ փորձութիւններու ենթարկուեցանք, պահեր եղան, երբ մե՛նք ուզեցինք Աստուծմէ հեռանալ, եւ պահեր եղան, երբ հոգեպէս ընկճուեցանք, սակայն յաղթեցի՛նք այս բոլորին, որովհետեւ մէկը, որ աշխարհի սկիզբէն գոյութիւն ունէր` մեր Տէրը, մեր Փրկիչը, մեր Հայրը, մեր Մեծ Եղբայրը, Անսխալական Վարդապետը մեր ձեռքէն բռնած էր եւ չթողուց, որ այդ մեղքերուն եւ փորձութիւններուն մէջ մնանք: Աստուած միշտ մեր կողքին է:

«Քրիստոսը ընդունիլը, դաւանիլը կամ քրիստոնեայ կոչուիլը կամ ապրիլը վաճառականութիւն չէ, որ երթանք գնենք հանգիստ կեանք մը ապրելու համար», հաստատեց Օշին վրդ. Չուալերթանեան` բացատրելով, որ Պետրոս առաքեալ այս պատճառով կը զգուշացնէ մեզ, որ քրիստոնեան իր կեանքի ընթացքին ոչ թէ պէտք է ընդունի նեղութիւններն ու դժուարութիւնները` իբրեւ փորձութիւն, այլ այս բոլորը քրիստոնեային համար բնականոն կեանք պէտք է համարուի:

Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ հալածանքներ այսօր ալ կը պատահին, նեղութիւններ, փորձութիւններ այսօր ալ կան ու պիտի ըլլան համայնական կամ անհատական մեր կեանքին մէջ, եւ անոնք կը փորձեն մեր նուիրուածութիւնը Քրիստոսի նկատմամբ ու կը զօրացնեն մեր հաւատքը` եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն` նոր շունչով, նորոգուած հաւատքով սկիզբ դնել նոր կեանքի եւ նոր ուխտ հաստատել մեր եւ Աստուծոյ միջեւ` մեր նոր կեանքին համար:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Հալէպի Մէջ Զօրակցական Միասնական Հաւաք` Յանուն Արցախի

Յաջորդը

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն. Բացման Հանդիսութեան Այրեցաւ Ազրպէյճանի Դրօշակը

RelatedPosts

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում
Գաղութային

Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.