Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Օգնող, Հոգատար Սիրտը

April 19, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԱԶՄԻԿ ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ  (ՌԱԶԶԻ)

Ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կին մը կը խնամէ, կը գուրգուրայ, մօր մը պէս կը տագնապի «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն համար:

Տիկին Վարդինէ Օհանեանը կին մըն է, որ երբեք չյանձնուեցաւ, յոյսը չկտրեց, պայքարեցաւ եւ կը շարունակէ պայքարիլ յատուկ կարիքներ ունեցող ամէն մէկ մանուկի համար:

Արդարեւ, ոտնլուայի օրը, երբ կը դիտէի`  ինչպէ՛ս տիկին Վարդինէն կը գրկէր մանուկներն ու պատանիները, օգնելով, որ անոնք ոտքի կենան եւ յառաջանան, սրտանց ուրախացայ: Այսօր հայութեան կեանքին մէջ կարիքն ունինք տիկին Վարդինէին պէս ազգանուէր, հոգատար եւ զօրաւոր կիներու: Հայութեան կեանքին մէջ պէտք է գնահատենք այսպիսի կիներ, պէտք է բարձրացնենք զանոնք, որպէսզի անոնք նոյնպէս քաջալերուին եւ նոյն թափով շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:

Ծառայութեան ոգիով եւ նուիրուածութեամբ ան իրեն տրուած պաշտօնը կը կատարէ, իբրեւ տնօրէնուհի` մօր մը պէս կը խնամէ այդ փոքրիկները, անոնց ցաւով կ՛ապրի եւ կը փորձէ ուրիշներու նոյնպէս իր օրինակով սորվեցնել, որ մենք նոյնպէս պէտք է զգանք այդ մանուկներուն ու պատանիներուն հետ, օգտակար ըլլանք անոնց: Ս. Զատկուան օրերուն ան չուզեց, որ այդ փոքրիկները հոգեկան սնունդէն զրկուին, անոնց ձեռքեն բռնած` տարաւ եկեղեցի եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հօր կողքին կանգնած` հետեւեցաւ, թէ ինչպէ՛ս լուացուեցան յատուկ կարիքներ ունեցող «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն ոտքերը. խոնարհութեան եւ սիրոյ նշան է այս մէկը, մենք հպարտ ենք ձեզմով, վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ տիկին Վարդինէ: Ուստի հետեւինք անոնց օրինակին, բարձրացնենք այս փոքրիկները, օգտակար ըլլանք անոնց թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ ֆիզիքապէս:

Թող Աստուած պահապան ըլլայ թէ՛ «Զուարթնոց» հաստատութեան եւ թէ՛ անոր պաշտօնէութեան, որովհետեւ այսօր իսկապէս գովելի են անոնց տարած աշխատանքն ու նուիրուածութիւնը:

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովի Մասնակիցները Ծաղիկներ Զետեղեցին Արցախի Հալէպահայ Նահատակներու Յոշակոթողին Դիմաց

Յաջորդը

Յապաղած Զրոյց` Մովսէս Ծիրանիի Հետ. Իրաւ Արուեստը Կեղծիք Չի Հանդուրժեր

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.