Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Մաուլաուին Եւ Զօր. Աունը

April 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որ յայտնեց, թէ Ռայի պատիրարքին կատարած իր այցելութեան նպատակն է Ս. Զատկուան առիթով շնորհաւորութիւն ներկայացնել:

Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը, որպէսզի այդ քայլով կարելի ըլլայ իսկական պետութիւն մը կերտելու մեկնարկը կատարած ըլլալ:

Մաուլաուի նշեց, որ Ռայի պատրիարքին յայտնած է իր մաղթանքը, որուն հիման վրայ լիբանանցիները կարենան օգտուիլ շրջանային համաձայնութիւններէն:

Մաուլաուի նկատել տուաւ նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած է երկրին մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան իրավիճակը:

Ան ընդգծեց քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ նախարարութիւնը վարչական առումով պատրաստ է այդ ընտրութիւնները կատարելու, սակայն կը սպասէ, որ անոնց ֆինանսաւորումը ապահովուի` լուծելու համար գումակային եւ մարդուժի հարցերը:

Մաուլաուի նշեց, որ սահմանադրական գործընթացները կարեւոր են եւ պէտք է ճշդուած ժամկէտին կատարուին:

Մաուլաուի շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններու կայացման հիմնական խոչընդոտը այդ ընտրութիւնները կատարելու քաղաքական կամքի չգոյութիւնն է:

Միւս կողմէ, Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները յետաձգելը մինչեւ ամրան վերջ, կամ նոյնիսկ մէկ տարիով բան չի նշանակեր, եթէ այդ ընտրութիւնները կատարելու իմաստով ֆինանսաւորում կարելի չըլլայ ապահովել: Մաուլաուի նշեց, որ նահանգապետներուն կամ պաշտօնեաներուն հետ ոչ մէկ ժողով իմաստ ունի, նախքան ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու գումար ապահովելը:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, որ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը Ս. Զատկուան տօնին առիթով:

Քննարկուեցան նաեւ երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ. Քանաան Շարունակեց Իր Հանդիպումները

Յաջորդը

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովին Եւ Խորհրդարանը Հրաւիրեց Օրէնսդրական Նիստի Մը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.