Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ, կը շարունակէ իր հանդիպումները:
Ուաշինկթընի մէջ Քանաան ունեցաւ զոյգ հանդիպումներ, որոնցմէ առաջին Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժի եւ դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի շրջանային տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէի հետ, իսկ երկրորդը` Միջազգային դրամատան գործադիր տնօրէն Մանսուր Շմալիի եւ անոր խորհրդական Ուաֆա Շարաֆէտտինի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Միջազգային դրամատան եւ Լիբանանի միջեւ գործակցութիւնն ու զայն աշխուժացնելու հեռանկարները, յատկապէս ընկերային, առողջապահական եւ կրթական ծրագիրներ ֆինանսաւորելու առումով:
Քանաան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Ժիհատ Ազուրի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի Լիբանանի պատուիրակ Էռնեսթօ Ռամիրեզի հետ:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Քանաան ընդհանուր ներկայացում մը կատարեց Լիբանանի ելեւմտական օրէնսդրութեան եւ բարեկարգումի թղթածրարներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց կառավարութեան մշակած տնտեսական ապաքինման ծրագիրը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութեան դիտողութիւններն ու թելադրանքները, որոնք կը վերաբերէին Լիբանանի խորհրդարանին վաւերացուցած կարգ մը օրինագիծերուն:
Հանդիպումին համաձայնութիւն գոյացաւ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւնները շարունակել` վերջնական համաձայնութեան մը յանգելու նպատակով:
Անոնք ընդգծեցին, որ նախապատրաստական աշխատանքները պէտք է շարունակուին, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ համաձայնութեան վաւերացումը անմիջապէս ապահովել` Լիբանանի նախագահական ընտրութենէն ետք:
Միջազգային դրամական ֆոնտի պատասխանատուները հաստատեցին պետական ամավարկի պարագային վաւերացուելիք կառուցային բարեկարգումները, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատել, ինչպէս նաեւ ներդրումներու դրութիւնը վերաշխուժացնել:
Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն Քանաան հանդիպումներ ունենայ նաեւ Սպիտակ տան պատասխանատուներուն, ինչպէս արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններու պաշտօնակատարներուն հետ:


